Իրաքի Մուսուլ Քաղաքի Հայկական Եկեղեցիներն Այսօր. լուսանկարներ

Իրաքի 2-րդ ամենամեծ քաղաքին` Մուսուլի մէջ, հայերը հաստատուած են շատ հին ժամանակներէն: Այս մասին կը վկայեն բազմաթիւ փաստեր, ինչպէս օրինակ` 1352 թուականի ձեռագիր Քարոզգիրքը` «Գրեալ ի քաղաք Մուսուլի ի Մանուէլ քահանայէ» (Կարինեան ցուցակ, 2206 թ.): Հետեւաբար, կրնանք եզրակացնել, որ արդէն իսկ 14-րդ դարուն Մուսուլի մէջ հաստատուած էին հայեր, որոնք ունէին հոգեւոր հովիւ եւ բնաւ բացառուած չէ, որ ունէին նաեւ եկեղեցի:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տէր Մամբրէ քահանայ Հմայեակեան, այսօր Մուսուլի մէջ ունինք 2 հայկական եկեղեցի, որոնք այսօր աւերուած են ահաբեկիչներուն կողմէ:
Սբ. Էջմիածին եկեղեցի
Եկեղեցիներէն հինը կը կոչուի Սբ. Էջմիածին, որուն կառուցումն աւարտած է 1857թ. յունիս 7-ին: Այն Իրաքի Հայոց թեմի ամենագեղեցիկ եկեղեցիներէն եղած է, սակայն կապուած վերջին տարիներու դէպքերուն հետ, անխնայ անարգուած ու աւերուած է ԻՊ-ի կողմէ: Ըստ եկեղեցւոյ մօտակայքը ապրող իսլամ ընտանիքներէ ստացուած տեղեկութիւններու` եկեղեցին օգտագործած են որպէս դատարան, իսկ բակին մէջ գտնուող Առաջնորդարանը` որպէս բանտ (նկարներուն մէջ, եթէ ուշադիր նայինք, ապա կը տեսնենք, որ պատուհանները երկաթեայ ճաղերով փակուած են):
Այս պահուն քաղաքն ազատագրուած է ահաբեկիչներէն, բայց դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհն ամբողջութեամբ ռմբակոծուած է եւ հնարաւոր չէ ո՛չ ինքնաշարժով ո՛չ ալ ոտքով հասնիլ եկեղեցի: Օրերս ատիկա ընել յաջողած է Մուսուլի Թաղական խորհուրդի ատենապետ պարոն Անդրանիկ Կիւլիզեանը: Վերջինս զինուորներու ուղեկցութեամբ եկեղեցի հասած է տուներու մէջ բացուած անցքերով, որոնք փորած էին ահաբեկիչները քաղաքին մէջ ազատ եւ անվնաս տեղաշարժուելու համար: Պարոն Կիւլիզեանի խօսքով, եկեղեցւոյ բակին մէջ ահաբեկիչներու դիակներ եղած են:
Նորակառոյց եկեղեցի
Մեր միւս եկեղեցին նորակառոյց է, դեռ չէր օծուած եւ անուանակոչուած, երբ սկսան վերոյիշեալ դէպքերը: Այն եւս աւերուած է: Եթէ Սբ. Էջմիածինի պարագային եկեղեցւոյ տարածքը օգտագործուած է, որուն արդիւնքով պատերը կանգուն մնացած են, ապա նորակառոյց եկեղեցին քանի մը անգամ փորձած են գետնին հաւասարեցնել` օգտագործելով պայթուցիկներ, բայց նոր կառուցուած ըլլալուն եւ ամուր հիմք ունենալուն շնորհիւ` լիարժէք իրենց ուզածին չեն հասած:
Այս պահուն Մուսուլի մէջ կ’ապրի 3 հայ ընտանիք, թիւով 10 մարդ: