Հայոց Բանակի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ Զախոյի ՄԷջ

Յունուար 26-ին Իրաքի Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ բանակի կազմաւորման 26-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ: Երեկոն կազմակերպուած էր տեղի հայկական համայնքին կողմէ, որուն ներկայ էին Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս Սմբատ Խաչատրեան, Հաւրեզ ու Աւզրուկ հայաշատ գիւղերու ներկայացուցիչները, Տհոքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւը եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Ինչպէս«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն հայկական համայնքէն, բացման խօսքին մէջ Զախոյի հայ հոգեւոր հովիւ տէր Մամբրէ Քահանայ Հմաեակեան ներկայացուց տօնին խորհուրդը եւ Հայոց բանակի նուաճումները անցած 26 տարիներուն ընթացքին: Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոսը:

Երեկոյի ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ Զախոյի «Արցախ» երգչախումբը, ներկայացուց հայրենասիրական երգեր եւ ասմունք:

Երեկոյի աւարտին հիւպատոս Սմբատ Խաչատրեան Զախոյի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Իշխան Սարգսեանին եւ անդամներ Մուրադ Ղազարեանին, Իսա Յակոբեանին, Խաչիկ Մխիթարեանին եւ Սերոբ Պետրոսեանին յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի շնորհակալագիրները` պատերազմական իրավիճակին հայ համայնքի պահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար:

Scroll Up