2017թ. Յաջողութեան Հասած Հայեր. Քաղաքականութիւն

«Հայերն այսօր»-ը «2017թ. յաջողութեան հասած հայեր» խորագիրի ներքոյ կը ներկայացնէ 2017 թուականին ամենատարբեր ոլորտներու մէջ նշանակալի յաջողութիւններ գրանցած հայերուն:

Շարքի առաջին բաժինին մէջ կ’անդրադառնանք քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ յաջողած հայերուն:

– Կլետիս Պերեճիքլեան յունուար 23-ին միաձայն ընտրուած է Ազատական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին` դառնալով  Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի 45-րդ վարչապետը:

– Լիոնի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդը յուլիս 17-ի նիստին ժամանակ հայազգի 68-ամեայ ժորժ Քեփենիկեանը ընտրած է քաղաքապետ:

Քեփենիկեան մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ-միզաբան (ուրոլոգ) է, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու որդի:

– Վիրահայ Գէորգի Տումասեան դարձած է ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչ, Խաղաղութեան հիմնադրամի նախագահ:

– Մայիս 1-ին, Կլենտելի քաղաքային խորհուրդի անդամները միաձայն քուէարկութեամբ Կլենտելի քաղաքապետ  ընտրած են քաղաքային խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեանը: 2003 թուականէն սկսած` ան ընդգրկուած եղած է Կլենտելի քաղաքապետարանի տարբեր յանձնախումբերու մէջ, ինչպէս օրինակ` ճարտարապետական յանձնախումբին մէջ:

– Քնարիկ Պուժիկեան ընտրուած է Պրազիլի Սան Փաուլոյի նահանգային դատախազ:

– Յունիս 18-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, որուն արդիւնքով պատգամաւոր  ընտրուած է Ժաք Մարիլոսեան: Ան յաղթանակ տարած է Փարիզի արուարձան Սեն Գլուի մէջ:

Ժաք Մարիլոսեան կը ներկայացնէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Յառաջ Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը:

– Կիոմ Գասպարեան ընտրուած է Ֆրանսայի ազգային ժողովի պատգամաւոր: Կիոմ Գասպարեան  ՏՏ  ոլորտի մասնագէտ է, ինչպէս նաեւ Մաքրոնի ղեկավարած «Առաջ» շարժման աշխոյժ անդամներէն:

– Դանիէլ Քազայեան ընտրուած է Ֆրանսայի ազգային ժողովի պատգամաւոր: Ան 52 տարեկան է, Լիոնի հայաշատ շրջաններէն մէկուն` Տեսինի բնակիչ: Դանիէլ Քազայեան միայն վերջերս  սկսած է զբաղիլ աշխոյժ քաղաքականութեամբ: Մինչ այդ ան գործունէութիւն  ծաւալած է ձեռնարկատիրութեան ոլորտին մէջ: Քազարեան նաեւ «Հայկական յիշողութեան» ազգային կեդրոնի նախագահն է:

– Սիլվի Կոշէ Թապոյեան ընտրուած է Ֆրանսայի Կիլերանտ Կրանժի քաղաքապետ:

– Վրաստանի 2017 թուականին ձեւաւորուած խորհրդարանի մէջ ընդգրկուած են 3 հայ պատգամաւոր` Հենզել Մկոյեան, Ռուսլան Պօղոսեան, Սամուէլ Մանուկեան: Երկուքը ընտրուած են համամասնական, մէկը` ﬔծամասնական կարգով:

– Արամ Էլաքոզը յաղթանակ  տարած է Լաւալի ընտրութիւններուն` դառնալով Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: Արամ Էլաքոզը կենսաբան է: Դոկտորական աստիճանը ստացած է Սթրազպուրկի Louis Pasteur համալսարանին մէջ: Աշխատած է տարբեր դեղագիտական ընկերութիւններու մէջ: Երկար տարիներ աշխատած է Քուեբէքի Հայ դատի յանձնախումբին մէջ:

– Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի գիտութեան ոլորտի խորհրդականներու խորհուրդի կազմին 3 հայ  ընտրուած է`

ՌԴ Գիտութիւններու ակադեմիայի Վ. Իվաննիկովի անուան համակարգային ծրագրաւորման հիմնարկի տնօրէն, ՌԴ գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ Յարութիւն Աւետիսեան, Սքոլքովի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնարկի փրոֆէսոր Արտեոմ Օհանովը, Մոսկուայի օդանաւային հիմնարկի տնօրէն, ՌԴ գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս Միխայիլ Պօղոսեանը:

– Հայազգի թեկնածու Արիս Պապիկեան Թորոնթօ քաղաքի Սքարբորոու-Էջընկորթ ընտրատարածքին մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ յաղթանակ  տարած է Քանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական Պահպանողական կուսակցութեան ընտրութիւններուն: 2018 թուականի յունիս 7-ին կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ Արիս Պապիկեան:

– Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Նորա Արիսեան Մարտ 6-ին նշանակուած է Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի նախագահ:

– Հուրի Տէր–Սարգիսեան օգոստոսին նշանակուած է Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան Կեդրոնական քննիչ խորհուրդի ընդհանուր քննիչ:

– Յասմիկ Տանձիկեան–Խուրին հոկտեմբերին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ նշանակուած է Տնտեսական ընկերային խորհուրդի անդամ:

– Գէորգ Վերմիշեան նշանակուած է «Մէգաֆոն» ընկերութեան գործադիր տնօրէն: Մինչ այդ ան կը զբաղեցնէր ընկերութեան ֆինանսական տնօրէն պաշտօնը:

-Ռուսաստանաբնակ Արսէն Գրիգորեան նշանակուած է Տուերի նահանգապետի տեղակալ: Նոր պաշտօնին ան պիտի համակարգէ արտակարգ իրավիճակներու կանխարգելման եւ լուծման հետ կապուած հարցեր:

– Ռուտիկ Գրիգորեան նշանակուած է Մոսկուայի ճանապարհային ոստիկանութեան ղեկավար: Ան ծնած է Հայաստան: 1992-2014 թուականներուն ղեկավար պաշտօններ  զբաղեցուցած է առեւտրային եւ անվտանգութեան կառոյցներու մէջ: 2015 թուականի փետրուար-դեկտեմբեր ամիսներուն գրաւած է Մոսկուայի կեդրոնական վարչական շրջանի  Արբատի  թաղամասի տնտեսութեան, առեւտրի եւ ծառայութիւններու վարչութեան պետի տեղակալի պաշտօնը:

– ՀՀ ռազմական գործիչ, ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Եուրի Գրիգորիի Խաչատուրովը ապրիլ 14-ին Ղրղըզստանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի ժամանակ մայիս 2-էն նշանակուած է ՀԱՊԿ  գլխաւոր քարտուղար:

 Շարունակելի

 

Scroll Up