Վրաստանի Կառավարութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 237 Հազար Տոլարի Հատուցում Կը Վճարէ

Վրացական, կառավարութեան  27 Յունուար 2014ին տուած որոշումով՝ կրօնական գործերու պետական յանձնաժողովին յանձնարարուած է բաշխել խորհրդային ժամանակահատուածին պատճառուած վնասի փոխհատուցման համար յատկացուած գումարները, կը հաղորդէ News-ը:

Նշուած նպատակով յատկացուած 4,500,000 լարիէն (1 տոլարը 2.5 լարիով կը փոխանակուի) այս փուլին, կրօնական համայնքներու միջեւ պիտի բաշխուի միայն 3,500,000 լարի:

Այս գումարէն Վրաստանի իսլամական համայնքին պիտի յատկացուի 2,200,000 լարի, Վրաստանի հայ առաքելական քրիստոնէական համայնքին՝ 600,000 լարի (237 հազար տոլար), հռոմէական կաթոլիկ համայնքին՝ 400,000 լարի եւ Վրաստանի հրէական համայնքին՝ 300,000 լարի:

Scroll Up