«Ձեր Կողքին Կանգնիլը Բոլորիս Պարտքն է». Կայացաւ «Շնորհակալութի՛ւն, Հայ Զինուոր» Բարեգործական Համերգը (լուսանկարներ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/01/զինվոր-համերգ5.jpg)
Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ, Յունուար 24-ին, կայացաւ «Շնորհակալութի՛ւն, հայ զինուոր» բարեգործական համերգը։ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համեգին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի զինծառայողներու առողջութեան վերականգնողական նոր կեդրոնի կառուցմանն ու վերազինման:
Ապրիլեան պատերազմի մասնակից խումբ մը տղոց այս նախաձեռնութեան սիրով արձագանգեց մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը` Դեկտեմբերի սկիզբը այցելելով նաեւ վերականգնողական փուլի մէջ գտնուող ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներուն:
նախաձեռնութեան սիրայօժար իրենց աջակցութիւնը բերած էին յայտնի երգիչ, երգչուհիներ: Համերգին ներկայ էին հայրենիքի պաշտպանութեան համար ծանրօրէն վիրաւորուած տղաք:
«Ասիկա շատ սովորական վերաբերմունք է այն տղոց հանդէպ, որոնք յանուն մեզի չխնայեցին ամենաարժէքաւորը»,- ըսաւ մշակոյթի նախարարի խորհրդական Արսէն Գրիգորեանը` Մրոն: Ան յիշեց նաեւ վերականգնողական փուլի մէջ գտնուող տղող այցելած նախարար Ամիրեանի խօսքը. «Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնանք ընել ձեզի համար: Ձեր կողքին կանգնիլը բոլորիս պարտքն է»: