Զինուորներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամը Յատկացում Կատարած Է Եւս Մէկ Վիրաւոր Զինուորի Ընտանիքի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/01/viravor-zinvor-600x334.jpg)
«Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամը» Յունուար 24-ին միանուագ 10 միլիոն դրամ փոխանցած է առաջին խումբի հաշմանդամ, շարքային զինուոր Արսէն Արտաւազդի Յովակիմեանին:
Վիրաւոր զինուորի ընտանիքին՝ 20 տարուայ ընթացքին՝ պիտի տրամադրուի նաեւ ամսական 200,000 դրամ:
24 Յունուար 2018-ի դրութեամբ՝ հիմնադրամով նախատեսուած գումարներ ստացած են 23 զոհուած զինուորներու ընտանիք եւ 11 վիրաւորուած (հաշմանդամ) զինուոր: