«Ընտանիքս Երախտապարտ Է Աւստրալիային». Կլետիս Պերեճիքլեան

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեան պատմած է, որ իր հայկական ընտանիքը մեծ յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը վերաբերի Աւստրալիային եւ այդ երկրի ազգային խորհրդանիշներուն:

«Իմ հայրս դեռեւս ամէն օր Աւստրալիոյ դրօշը կը բարձրացնէ մեր ընտանիքի տան բակին մէջ: Որպէս նախկին հայ գաղթական` սա հնարաւորութիւն է` շնորհակալութիւն ըսելու այն երկրին, որ ընդունած է զինք», – Rusarminfo.ru-ի փոխանցմամբ,Պերեճիքլեանի խօսքերը կը մէջբերէ «The Australian» պարբերականը` հատուածներ հրապարակելով անոր ելոյթէն այն մասին, թէ ինչու  այդքան կարեւոր է Նոր Հարաւային Ուելս նահանգին մէջ յունուար 26-ը որպէս Աւստրալիոյ օր տօնելը:

Կլետիս Պերեճիքլեան ընդգծած է նաեւ, որ ինք եւ իր քոյրը մեծցած են  ընտանիքի մը մէջ, ուր միշտ հպարտացած են իրենց հայկական արմատներով եւ միեւնոյն ժամանակ չափազանց շնորհակալ եղած Աւստրալիային խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան պայմաններուն ապրելու հնարաւորութեան համար:

Նախապէս Կլետիս Պերեճիքլեան յայտարարած էր, որ շնորհակալ է Քըրք Քըրքորեանին «Խոստումը» ֆիլմին համար:

 

 

Scroll Up