Դամասկոսի Մէջ ՀՀ Դեսպանատունը կը Հաստատէ Աֆրինի Մէջ Հայու Մը Վիրաւորուելուն Փաստը. ԱԳՆ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/01/afrin-harekatinin-adi-neden-zeytin-dali-oldu-10476426_7631_m.jpg)
Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանատունը կը հաստատէ Աֆրինի մէջ հայու մը վիրաւորուելուն փաստը: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնած է Հայաստանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեան:
Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Աֆրինի մէջ քիւրտերու դէմ թրքական գործողութիւններու ընթացքին ռումբ ինկած է տան մը վրայ, որ կը պատկանի հայու:
Նշենք, որ Թուրքիան, Յունուար 20–ին, նախաձեռնած էր Աֆրին ներխուժման գործողութիւնը, որուն առաջնագիծի վրայ կը մասնակցին թրքական հովանաւորութեամբ ստեղծուած տարբեր զինուած խմբաւորումները: Թրքական կանոնաւոր բանակի ուժերը 2–րդ գիծ առաջ կը շարժին: Նշենք, որ թրքական պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ թրքական կանոնաւոր բանակը տուած է 3 զոհ։
Մինչեւ պատերազմական գործողութիւնները Աֆրինի մէջ բնակած են մեծ թիւով հայեր, հայաբնակ եղած է նաեւ անոր մօտ գտնուող Ազազ գիւղը: Այս պահուն Աֆրինի ու Ազազի մէջ հայեր չեն բնակւում, իսկ ժամանակին գործող հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային տուները աւերուած են: