Հայրենադարձ Ընտանիքը Հայաստանի Մէջ Երջանիկ Կը Զգայ

Ժաքլին Պապախանին ծնած է Թեհրան: Յաճախած  Վաչէ Յովսէփեան-Քանանեան Քուշեշ դպրոցը, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած  Իրանի ազատ համալսարանին մէջ, ուր յետագային անգլերէն գրականութիւն առարկան  դասաւանդած է:

Եղած է Հայ համալսարանական միութեան անդամներէն, սակայն աշխուժօրէն չէ մասնակցած համայնքային կեանքին, քանի որ ժամանակին մեծ մասը յատկացուցած է գիտելիքներ ստանալուն եւ դպրոցի դասերը պատրաստելուն:

Ժաքլին Պապախանին ընտանիքին հետ 2008 թուականին  հայրենադարձուած է: Հայրենադարձուելուն մեծապէս նպաստած է Երեւանի մէջ գիտաժողովի մասնակցութիւնը: Առաջին անգամ գալով Հայաստան` անթաքոյց սիրով կը լեցուի Հայրենիքին հանդէպ, շատ կը տպաւորուի զինք  շրջապատող մարդոց ջերմութեամբ, ուստի միանգամայն կ’որոշէ բռնել Հայաստան բերող ճանապարհը:

Վերադառնալով Թեհրան` խանդավառուած ամուսնուն տեղեակ կը պահէ որոշման մասին: Դրական արձագանք ստանալով` հիմնովին կը հաստատուին հայրենի հողին վրայ:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Ժաքլին Պապախանին ըսաւ, որ համեմատաբար հեշտ ներգրաւուած են հայաստանեան կեանքին, սկզբնական շրջանին, ի հարկէ, դժուարութիւններու հանդիպած են, սակայն չեն ընկճուած, յոյսն ու հաւատքը չեն կորսնցուցած: Ապաւինելով սեփական ուժերուն, իրար օգնելով` ամէն ինչ սկսած են նոր էջէ ու ոտքի կանգնած: Հիմա Հայաստանի մէջ իրենք երջանիկ կը զգան:

 

Ժաքլինը կը վստահեցնէ, որ հայրենադարձութիւնն իրեն տուած է վերադարձ ազգային ինքնութեան եւ հայկական արմատներուն եւ, ամենակարեւորը, այստեղ հոգիի խաղաղութիւն  գտած է: Յատկապէս հանգիստ կը զգայ տասնվեցամեայ որդիին` Հայբերդի ապագայի հարցով, որ ամուր կապուած է Հայաստանին: Հայրենադարձուելէ ետք  ամենայիշարժան օրերէն կը համարէ Արարատ լեռը տեսնելը, որ այնչափ յուզած է զինք:

«Շատ կը սիրեմ Հայաստանի գեղատեսիլ բնութեան գիրկը ըլլալը, շնչել մաքրամաքուր օդը, ինծի համար նախընտրելի վայրերէն է Սեւանայ լիճը, Դիլիջանը, Վանաձորը, Նոյեմբերեանն ու Ստեփանաւանը: Ամէն շաբաթ` հանգստեան օրերուն, ընտանիքով որեւէ քաղաք կ’երթանք` զբօսնելու, աշխատանքային առօրեայէն կտրուելու եւ նոր լիցքեր ստանալու»,-ըսաւ Ժաքլին Պապախանին` աւելցնելով, որ այս տարիներուն ընթացքին Հայաստանը, իր կարծիքով, մեծ զարգացում  ապրած է, յատկապէս տարբեր ոլորտներու յառաջընթացն ու ձեռքբերումները  նկատելի են:

Ժաքլինը մէկ տարի շարունակ ուսումնասիրած է հայաստանեան շուկան` հասկնալու, թէ արդեօք կրնայ  իր մասնագիտութեամբ աշխատանք գտնել: Անոր փնտռտուքներն ապարդիւն չեն անցած. 2009 թուականին հիմնած է «Հորիզոն» օտար լեզուներու ուսուցման կեդրոնը: «Հորիզոն»-ի մէջ ուսումնական աշխատանքներն արդիւնաւէտ կ’ընթանան, որն ալ կը փաստեն կեդրոնի այցելուներու կարծիքները: Կեդրոնին մէջ կը դասաւանդեն նուիրեալ ու բանիմաց, ինչպէս սփիւռքահայ, այնպէս ալ` հայաստանցի մասնագէտներ:

«Հայ ժողովուրդի վաղուան օրն աւելի լուսաւոր պիտի ըլլայ, պէտք է համախմբուած աշխատանքի շնորհիւ առաջ ընթանանք ու մեր երկրի ապագան ամուր հիմքերու վրայ կառուցենք, որուն բոլոր նախադրեալներն առկայ են»,-լաւատեսական տրամադրութեամբ զրոյցն ամփոփեց Ժաքլին Պապախանին:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up