Դեսպան Ղազարեան Հանդիպեցաւ Լեհաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդին Հետ

Յունուար 19-ին Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան հանդիպեցաւ Վարշաւայի Արքեպիսկոպոս, Լեհաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ, Նորին Սրբութիւն Քարտինալ Գազիմիր Նիչի հետ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ  ծառութենէն, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեհաստանի հայ համայնքին առնչուող հարցերուն, որուն ընթացքին դեսպան Ղազարեան Քարտինալին տեղեկութիւններ ներկայացուց 2017թ. ընթացքին հայ-լեհական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ Լեհաստանի մէջ հայ համայնքին շնորհուած յատուկ արտօնութեան 650-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւններուն եւ ձեռնարկներուն մասին:

Զրուցակիցներն անդրադարձան Հայաստանի հարուստ քրիստոնէական ժառանգութեան` յիշատակելով Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ եւ Ֆրանչիսքոս Պապերու այցելութիւնները Հայաստան, որոնք կրնան օրինակելի ըլլալ Լեհաստան ապրող բոլոր քրիստոնեաներուն համար` անոնց հետքերով առաջին քրիստոնէական երկիր ուխտագնացութիւններ կատարելու նպատակով:

Յունուար 21-ին Վարշաւայի կեդրոնին  մէջ գտնուող Տոմինիքեան եկեղեցւոյ մէջ Լեհահայոց մշակութային ժառանգութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարշաւայի եւ կեդրոնական Լեհաստանի հոգեւոր հովիւ, Եուզէֆ Նաումովիչի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, որուն աւարտին Վարշաւայի Արքեպիսկոպոս, Լեհաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ, Նորին Սրբութիւն Քարտինալ Գազիմիր Նիչի կողմէ օծուեցան եկեղեցւոյ պատին փակցուած Հայազգի անուանի գործիչ Յակոբ (Եակուբ) Մինասովիչի եւ անոր տիկնոջ տապանաքարերու` 17-րդ դարու վաղեմութեան արձանագրութիւնները: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան:

 

 

Scroll Up