Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Բացառիկ Համարի Շնորհանդէսը Կը Կայանայ Նաեւ Երեւանի Մէջ
Հրապարակի վրայ է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 2018 թուականի բացառիկ համարը, որուն առանցքը անցած տարուան կարեւոր իրադարձութիւններուն նուիրուած ամփոփիչ նիւթեր են եւ նախանշային թեմաներ` 2018 թուականին վերաբերող: ««Ազդակ»-ի բացառիկ համարը Ամանորի առիթով հրատարակուած հերթական, արդէն աւանդոյթ դարձած հրատարակութիւնն է: Նիւթերն ունին պատմաքաղաքական, տեղեկատուական, վերլուծական ուղղութիւններ: Բնականաբար, ներառուած են հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան ամենակարեւոր իրադարձութիւնները: Յատկանշական է նաեւ աշխատակիցներու աշխարհագրութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Լիբանանէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէ հեղինակներ տարաբնոյթ թեմաներով իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Բացառիկ»-ի կայացման, որ նաեւ համահայկական նշանակութիւն կը հաղորդէ համարին»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Յառաջիկային կը սպասուի եւս մէկ «Բացառիկ համար»-ի հրատարակութիւն: Արցախեան շարժման 30-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ը Արցախի «Ապառաժ» պարբերականին հետ միացեալ համար պիտի թողարկէ: Ինչպէս զրոյցին ընթացքին նշեց Շահան Գանտահարեան, սա այսօրինակ առաջին նախաձեռնութիւնը չէ, «Ազդակ»-ը նախադէպը ունի միացեալ հրատարակութիւններ թողարկելու: «Միացեալ բացառիկ համար հրատարակած ենք «Երկիր» շաբաթաթերթին հետ, որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Եղած են առիթներ, որ Լիբանանի մեր գործընկեր թերթերու` «Արարատ», «Զարթօնք», հրատարակած ենք միացեալ օրաթերթային համարներ: Արցախեան շարժման 30-ամեակը, կը կարծեմ, շատ կարեւոր կապակցութիւն ունի նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին հետ` իբրեւ ժամանակակից անկախ պետականութեան վերականգնման գլխաւոր երաշխիք: «Ապառաժ»-ի գլխաւոր խմբագիրին հետ մեր խորհրդակցութիւնները յանգեցան այս մտայղացման: Արդէն իսկ խանդավառ ընդառաջումներ կան թէ՛ Արցախէն, թէ՛ Լիբանանէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէ ո՛չ միայն աշխատակցելու, այլ նաեւ տպագրուելիք հատորի օրինակներ ունենալու»,-ըսաւ Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց, որ «Բացառիկ համար»-ը պիտի պարունակէ յուշագրութիւններ, հարցազրոյցներ, վերլուծական, գաղափարախօսական յօդուածներ:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը եւս «Ազդակ» օրաթերթի դիտակէտին մէջ է:
««Ազդակ»-ը տարուան ընթացքին սովորաբար կը հրատարակէ երկու բացառիկ համար` Ամանորի առիթով եւ Ապրիլ 24-ի: Այս տարի Ապրիլ 24-ի «Բացառիկ»-ը յաւելուածի ձեւաչափով պիտի հրատարակուի, քանի որ տարելիցին նուիրուած հատորի տեսքով հրատարակութիւն կը նախապատրաստենք:
Ուրախ ենք յայտնելու, որ ՀՀ Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին հետ համագործակցաբար լոյս պիտի տեսնէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած բացառիկ համար, ուր տեղ պիտի գտնեն պատմաքաղաքական, արխիւային, իրաւապայմանագրային բնոյթի ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ պետականութեան խորհուրդի մասին այժմէական հնչեղութեամբ գաղափարախօսական յօդուածներ: Նախատեսած ենք այդ բացառիկ համարի շնորհանդէսը բացի Լիբանանէն, կազմակերպել նաեւ Երեւանի մէջ: Պիտի առաջարկենք, որ հայաստանեան շնորհանդէսը տեղի ունենայ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հովանաւորութեամբ»,-ըսաւ Շահան Գանտահարեան: