Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարն Ընդունեց ՀԲԸՄ Նախագահը

Յունուար 20-ին ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալբանդեան ընդունեց Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ աւանդը` հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, մշակութային կեանքի զարգացման, հայապահպանութեան գործին մէջ:

Պերճ Սեդրակեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ ՀԲԸՄ գործունէութեան բարձր գնահատականի համար, վստահեցուց, որ ՀԲԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր ազգանուէր եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղուած գործունէութիւնը:

Հանդիպման քննարկուեցան ՀԲԸՄ ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրները:

Էտուարտ Նալբանդեան ու Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան համահայկական օրակարգի հարցերուն:

Հանդիպման ներկայ էր ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եակուբեան:

Scroll Up