Կարեւորուեցաւ Մասնագիտական Ցանցերու Ստեղծումը

Յունուար 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան հետ, որուն մասնակցեցաւ նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան:
Ներկայացուեցան 2017թ. ընթացքին կատարուած աշխատանքները, նախանշուեցան ընելիքները:
Քննարկուեցաւ նախարարութեան ծրագիրներուն համահայկական կառոյցներու մասնակցութեան ձեւաչափը:
Կարեւորուեցան մասնագիտական ցանցերու ստեղծումը, առկայ ընկերակցութիւններու մասնաճիւղերու բացումը տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ համայնքային հետազօտութիւնները եւ արտերկրի մէջ հայկական պատմամշակութային խնդիրներու վերհանումն ու ծրագիրներու մշակումը (Սուտան, Եթովպիա, Եգիպտոս, Հնդկաստան, Պանկլատէշ, Սինկափուր):