Թուրք եւ Հայ Ուսումնասիրողները Խոհարարական Նախագիծի Միջոցով Ներկայացուցած են Կարսի եւ Գիւմրիի Մշակութային Նմանութիւնները

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող պատմական Կարս եւ Հայաստանի Գիւմրի քաղաքներու միանման մշակոյթի ու խոհանոցային աւանդոյթներու մասին պատմող «Միասին քի՞չ հաց ու աղ կերած ենք» նախագիծը, որ մեկնարկած է Թուրքիոյ մէջ, ֆիլմի եւ գիրքի տեսքով վերջերս ներկայացուած է Օքսֆորտի համալսարանի կազմակերպած «Ուտելիքն ու խոհարարութիւնը» գիտաժողովին:
Ըստ «Ակօս»-ին՝ նախագիծի ղեկավարներն են Իհսան Քարայազը եւ Արմինէ Աւետիսեանը։
Խումբը նաեւ համագործակցած է Թուրքիոյ մէջ յայտնի գրող Թագուհի Թովմասեանի հետ, որ «Ձեր սեղանը թող միշտ շէն ըլլայ» գիրքի հեղինակն է:
«Ես մօտ 10 տարի ապրած եմ Կարս: ՄԱԿ-ի տարածաշրջանային զբօսաշրջային ծրագրին մասնակցելէ ետք սկսայ հետաքրքրուիլ տեղական մշակոյթի նկատմամբ: Կարսի` այն ժամանակուան իշխանութիւնները սահմանէն այն կողմ համագործակցութեան հարցով շատ լաւ տրամադրուած էին, ամէն տարի փառատօն կը կազմակերպուէր, Հայաստանէն մարդիկ կու գային, ես ալ սկսայ այդ ժամանակ Հայաստան երթալ-գալու»,- «Թերթ»-ի փոխանցմամբ՝ պատմած է Քարայազըն:
Իր խումբին հետ միասին թուրք բանահաւաքը նոյն կերպով ուսումնասիրած է ե՛ւ Կարսի, ե՛ւ Գիւմրիի կանանց պատրաստած ճաշերը, անոնց շուրջ հիւսուող պատմութիւններն ու ընդհանրութիւնները: Սահմանի երկու կողմը եւ իրարու հետ կապ չունենալով ապրող այս մարդիկ աւելի ուշ հնարաւորութիւն ունեցած են հանդիպելու մէկ սեղանի շուրջ` Կարսի մէջ: