Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան Դարձած Է Պրազիլի Ճատրակի Ախոյեան

Պրազիլահայ գրոսմայստեր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան դարձած է Պրազիլի ճատրակի ախոյեան: Ռիօ-տէ-ժանէյրոյի մէջ իրականացուող առաջնութեան կը մասնակցէին Պրազիլի ուժեղագոյն 12 շախմատիստ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, ողջ առաջնութեան ընթացքին փայլուն խաղ ցուցադրելով եւ 11 հնարաւորէն հաւաքելով 10 միաւոր` հայազգի գրոսմայստերը դարձած է առաջնութեան յաղթող` արժանանալով 1300 ԱՄՆ տոլար պարգեւի:

Սան-Փաուլօ քաղաքը ներկայացնող Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան կրկնած է 2012թ-ի եւ 2016թ.-ի իր կարեւորագոյն ձեռքբերումը` դառնալով Պրազիլի ախոյեան: Մխիթարեան Պրազիլի առաջնութեան 3 ամենաբարձր վարկանիշային ունեցող շախմատիստներէն է:

Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան ծնած է  1986թ․ Պրազիլի  Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ, ուր եւ կ’ապրի մինչ օրս: Անոր մայրը Պրազիլէն է, հայրը` Լիբանանէն: Ծնողները մանկութենէն սերմանած են անոր մէջ սէրը դէպի հայրենիք, հայ մշակոյթ եւ լեզու, որուն շնորհիւ Սեւակը հիանալի կը տիրապետէ հայերէնին: Անոր խօսքերով`  շատ հպարտ է անով եւ ուրախ, որ մրցաշարերու ընթացքին հայ մասնակիցներուն հետ կը խօսի մայրենի լեզուով: Յաճախած է Սան Փաուլոյի հայկական դպրոցը:

Scroll Up