Արտերկրի ՄԷջ Գործող Միակ Պետական Հայկական Թատրոնի Դերասանները Կը Ներկայանան Վերանորոգուած Թատրոնի ՄԷջ

Յունուար 15-ին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան հանդիպում ունեցաւ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական հայկական դրամատիկական թատրոնի անձնակազմին հետ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն, խօսելով թատրոնի մասին` դեսպան Սադոյեան շեշտեց այն կարեւոր դերակատարումը, որ թատրոնն ունեցած է հայ իրականութեան մէջ եւ ընդգծեց ներկայիս վիրահայ համայնքի կեանքին մէջ թատրոնի ունեցած կարեւոր նշանակութիւնը:

Դեսպանը հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչ փուլի մէջ կը գտնուին թատրոնի հիմնանորգման աշխատանքները` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային արտերկրի մէջ գործող միակ պետական հայկական թատրոնի դերասանները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հանդիսատեսին ներկայանալու սեփական, վերանորոգուած թատրոնի շէնքին մէջ:

Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Բայանդուրեան իր հերթին խօսեցաւ թատրոնի գործունէութեան, բեմադրուող ներկայացումներուն, յառաջիկային նախատեսուած հիւրախաղերուն մասին:

Scroll Up