Բերիոյ Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Կարդացուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակը

Գանձասար- Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կարդացուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղած էր հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն, մտաւորականութեան եւ հայորդիներուն՝ միասնական ոգիով եւ յաւուր պատշաճի, յիշատակելու հայ ազգի պատմութեան մէջ պատմակշիռ նշանակութիւն ունեցող այս իրադարձութեան 100-ամեակը:

Scroll Up