Ախալքալաքի Երեխաները ՎՀՕՄ-էն Ստացան Նուէրներ

Ախալքալաքի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ Վրաստանի հայ օգնութեան միութեան կազմակերպած ամանորեայ ձեռնարկին ժամանակ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն բաժնուեցան նուէրներ` հագուստներու եւ քաղցրաւենիքի տեսքով:

Մինչեւ նուէրներու յանձնումը կազմակերպիչները երգ ու պարի միջոցով փոքրիկներուն համար ամանորեայ տօնական ուրախ տրամադրութիւն ապահովեցին:

ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեան մեզի հետ զրոյցին յայտնեց, որ «ՀՕՄ Ամանոր» ծրագիրը կը կազմակերպուի ամէն տարի հիմնականին մէջ ծնողազուրկ, կարիքաւոր ընտանիքներու, հիւանդ երեխաներու համար: Ամբողջական ծրագիրի  շրջանակները աւելի լայն են եւ կ’ընդգրկեն նաեւ Նինոծմինտա, Ախալցխա, Պաթում քաղաքները եւս: Կարինէ Թադեւոսեան աւելցուց, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս եկեղեցին ցուցաբերեց իր աջակցութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ բացի երեխաներուն համար պատրաստուած նուէր-քաղցրաւենիքէն եկեղեցին իր օրհնութիւնը կու տայ երեխաներուն եւ ձեռնարկի առաւել կարեւոր մասը հէնց երեխաներուն հետ միասին եղած աղօթքն է առ Աստուած: Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեան աւելցուց նաեւ, որ եկեղեցին չի սահմանափակուիր այս ձեռնարկով եւ Ջաւախքի տարբեր գիւղերու մէջ եւս կը մասնակցի տարբեր ձեռնարկներու:

Երեխաները, որոնք այսօր ստացան նուէրներ, միշտ ուշադրութեան կարիք ունին եւ իւրաքանչիւր թեթեւ նուէր, անոնց օրը կրնայ տօն դարձնել:

Սոնա Տօնականեան

Scroll Up