«Հայրենադարձութենէն Ետք Ապագայի Հանդէպ Յոյսով Լեցուեցայ».Թովմաս Մազեճեան

Լիբանանահայ հայրենադարձ Թովմաս Մազեճեանի երկրորդ այցելութիւնը Հայաստան բեկումնային կը դառնայ անոր համար.իր սէրը կը գտնէ Երեւանի մէջ եւ կ’ամուսնանայ մասնագիտութեամբ սրտաբան հայաստանցի Աննայի հետ, ապա` կը տեղափոխուին ապրելու Պէյրութ:
Ընտանիքով Հայաստան վերադառնալուն մեծապէս նպաստած է դստեր ծնունդը, երբ սկսած են մտահոգուիլ Նինա–Մարիայի ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ: Այսպիսով, հայկական արմատները 2007 թուականին անոնց կը բերեն Հայրենիք:
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակից Թովմաս Մազեճեան այսօր կ’աշխատի «Վիւասել–ՄՏՍ Հայաստան» ՓԲԸ–ի մէջ` որպէս Տեղեկատուական արհետագիտութիւններու վարչութեան պետ:
–Թովմա՛ս, ըսէք, խնդրեմ, թէ ուրկէ են ձեր արմատները:
-Հայրական արմատներս Տիգրանակերտէն են, մայրականը` Ատանայէն: Ինչպէս կը պատմէր մեծհայրս, անոնք հարուստ մարդոց ձիերու վրայ զարդարանքներ նախշած են, եւ այդ արհեստը կոչուած է «մազեճի»: Այդպիսով, մենք դարձած ենք Մազեճեաններ: Մայրական կողմէս ազգականները իրաւաբաններ եւ հոգեւորականներ եղած են: Նախնիներս, Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ըլլալով, հաստատուած են Հալէպ, ապա` գացած Պէյրութ:
Ծննդավայրս Լիբանանն է: Չէի ըսեր, որ անհոգ մանկութիւն ունեցած եմ. լիբանանեան պատերազմը հէնց իմ ծննդեան տարիս սկսած է: Միշտ տագնապի, ահ ու սարսափի մէջ կը գտնուէինք: Մինչեւ հիմա յիշողութեանս մէջ դրոշմուած են պատերազմի զարհուրելի դրուագները, երբ կը փախչէինք տատիկիս տուն` իբրեւ ապահով ապաստարան: Սակայն երբեք չեմ տրտնջացած ինծի բաժին հասած դժուարութիւններէն, քանի որ, այդ ամէնը յաղթահարելով, աւելի կոփուած եմ` ուժեղացնելով կամային յատկանիշներս:
1989 թուականին պատերազմը մեր թաղամասին մէջ ահագնացաւ, որմէ յետոյ ծնողներս զիս ուղարկեցին` ուսանելու Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Միշտ պատեհ առիթի պարագաին հպարտօրէն կ’ըսեմ` մելքոնեանցի եմ:
–Ին՞չ յուշեր ունիք Մելքոնեան կրթական հաստատութենէն:
-Այս կրթօճախ յաճախելը շատ բան տուաւ ինծի.մտահորիզոնս լայնցուցի,գիտելիքներու անսպառ շտեմարան ամբարեցի, զանազանեցի լաւն ու վատը, իրականութեան մէջ ճանչցայ մարդոց: Այս ամէնուն համար, ի հարկէ, երախտապարտ եմ ինծի համար կեանքի ճանապարհ հարթած ուսուցիչներուս, որոնց ջերմութեամբ ու կարօտով կը յիշեմ:
Այս պահուն յիշեցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիիս` Վիոլէթ Թաշչեանին, որ, չնայած աշակերտական չարաճճիութիւններուս, շատ կը սիրէր ինծի: Իր համեստութեամբ մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրաս նաեւ ազգութեամբ կիպրացի բնագիտութեան ուսուցիչս: Անոր տուած խորհուրդներն իմ ամէնօրեայ ուղեկիցներն են:
–Իւրաքանչիւր հայրենադարձ Հայաստան տեղափոխուելու իր ինքնատիպ պատմութիւնն ունի.հետաքրքիր է իմանալ, թէ Դուք ինչպէ՞ս բռնեցիք հայրենադարձութեան ուղին:
-Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը աւարտելէ յետոյ Հայաստան առաջին անգամ եկած եմ 1997 թուականին` զբօսաշրջութեան նպատակով: Հայաստանի մասին արդէն բաւականին տեղեկութիւններ ունէի hայոց պատմութենէն, լուսանկարներէն ու դիտած ֆիլմերէս: Ապա 2003 թուականին մէկ շաբաթով եկայ, որն ալ ճակատագրական դարձաւ ինծի համար:
Օր մը ինտերնետ-սրճարանին մէջ նստած` կողքի սեղանէն ինծի նայող գեղեցիկ աչքեր նկատեցի (ժպտելով–հեղ.), որոնք միանգամէն գրաւեցին ուշադրութիւնս: Մեր հայեացքները իրար բախուեցան, եւ տեղի ունեցաւ ի վերուստ նախատեսուածը: Ամէն ինչ կայծակնային արագութեամբ եղաւ, եւ դեկտեմբեր 31-ին նշանադրուեցայ ապագայ կնոջս` Աննայի հետ, որ մասնագիտութեամբ սրտաբան է: Յաջորդ տարի ամառը ամուսնացանք, որմէ յետոյ գացինք ապրելու Պէյրութ:
Մեր կեանքը բնականոն հունով կ’ընթանար, Հայաստան վերադառնալու հեռանկար, բնաւ, չունէինք. բնակարան գնած էինք, կինս արաբերէն սորված էր, մասնագիտութեան համապատասխան աշխատանք գտած, ես նոյնպէս կ’աշխատէի:
Սակայն առջինեկիս` Նինա-Մարիայի ծնելէն յետոյ, պատասխանատուութեան մեծ զգացումով լեցուեցայ, հակասական մտքեր ինծի պատեցին այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է անոր օտար ափերու վրայ որպէս հայ մեծցնենք ու դաստիարակենք: Այդ մտորումները մեր հայեացքները դէպի Հայաստան ուղղելու շարժառիթ դարձան:
Ազգութեամբ ոչ հայ ընկերներէս մէկն ալ ըսաւ, որ կ’օգնէ Հայասատանի մէջ աշխատանք գտնել, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: 2007 թուականի յուլիս 4-ին հիմնովին հաստատուեցանք Հայաստանի մէջ:
–Կը կարծեմ` հեշտ ներգրաւուեցաք այստեղի կեանքին. արդէն եկած էիք Հայաստան, ծանօթ էիք նիստուկացին.այդպէս չէ՞:
-Կնոջս հարցով որեւէ խնդիր չէր կրնար ըլլալ, ան պարզապէս իր կարօտը կ’առնէր Հայաստանէն եւ հարազատներէն, իսկ ես դժուարութիւններու հանդիպած եմ. աշխատանքի ընդունուելէ ետք նախ` նոր միջավայրին, մարդոց մտածելակերպին ու բնաւորութեան յարմարելու, իրար վստահելու խնդրին բախուեցայ, որ ինծի համար ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկն էր: Ի հարկէ, ժամանակի ընթացքին յաղթահարեցի այդ ամէնը եւ հասայ այն արդիւնքին, որ երկու տարի յետոյ` 2009 թուականին, «Վիւասել-ՄՏՍ Հայաստան» ՓԲԸ-ի մէջ (ուր արդէն կ’աշխատէր), ղեկավար պաշտօն ստանձնեցի:
Հետզհետէ ընկերական շրջապատ ալ ձեւաւորեցի հիմնականին մէջ այն մարդոցմէ, որոնց հետ շփման եզրեր կրնայի գտնել: Անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ինծի պէս հայրենադարձուած սփիւռքահայերը:
Նշեմ նաեւ, որ սկզբնական տարիներուն, իբրեւ սփիւռքահայ, Հայաստանի մէջ մարդիկ ինծի շեղ աչքով կը նայէին եւ կը կատակէին: Եթէ անցեալին այդ ամէնէն կը նեղուէի, հիմա արդէն ժպիտով կը վերաբերիմ:
Սակայն մինչ այսօր կը շարունակեմ ներքին պայքար մղել ինքզինքիս հետ.կարծես` ինքնութեան փնտռտուքի մէջ ըլլամ.այն երբեմն կը խանգարէ գտնել ցանկալի հանգստութիւնը, որուն շնորհիւ, ի վերջոյ, կը հասկնամ` Հայաստանի մէջ պարզապէս հայ եմ, ոչ թէ` սփիւռքահայ կամ հայաստանցի: Ժամանակի հարց է, յոյսով եմ` կ’անցնի:
–Թոմա՛ս, հայրենադարձուելէ յետոյ տասնմէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ի՞նչ փոփոխութիւներ նկատած էք:
-Հայաստանի տարբեր բնագաւառներու մէջ դրական տեղաշարժերն, անշուշտ, նկատելի են, որոնք հպարտանալու տեղի կու տան: Օրինակ` ՏՏ ոլորտը շատ առաջադիմած է, ուր մեծ ներուժ եւ հնարաւորութիւններ ունինք: Առհասարակ, պէտք չէ թերագնահատել մեր կարողութիւններն ու աւելիին ձգտիլ: Պարզապէս, այսօր աշխատաշուկային մէջ փոքր-ինչ առաջնորդներու պակաս ունինք, որոնց առկայութեան պարագային, պիտի կարենանք աւելի մեծ բարձունքներ նուաճել:
–Մտածած է՞ք արդեօք այն մասին, թէ ձեր ընտանիքին համար հայրենադարձութեան ցանկալի պտուղները որոնք եղած ե՞ն:
-Առաջին հերթին իմ եւ երեխաներուս ապագային հանդէպ մեծ յոյսով լեցուեցի, հասկցայ, որ սեփական հողի վրայ ամուր կանգնելով` պէտք է շէնացնեմ իմ երկիրս: Հայաստանի մէջ ուժեղ եւ ապահով կը զգամ: Այսօր երկու երեխաներս` տասնմէկ տարեկան Նինա-Մարիան եւ ինը տարեկան տղաս` Մարքը, իրենց Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացի կը զգան եւ սիրով կը յաճախեն դպրոց:
Երեխաներուս համար հոգեպէս հանգիստ կը զգամ յատկապէս այն պատճառով, որ ինծի պէս այդ ինքնութեան փնտռտունքի մէջ չյայտնուեցան, այլ` Հայաստանի մէջ կը վայելեն իրենց խաղաղ մանկութիւնն ու հասակ կ’առնեն: Ահա՛ այս քաղցր պտուղները կը քաղեմ հայրենադարձութեան բերքառատ ծառէն:
– Ինչպիսի հայրենիք կ’ուզէք փոխանցե՞լ Ձեր զաւակներուն:
-Այնպիսի Հայաստան, ուր մարդիկ իրար աւելի կը յարգեն, բարութեամբ կը լեցուին եւ տարբերութիւն չեն դներ լիբանանահայու, գիւմրեցիի եւ երեւանցիի միջեւ: Կ’ուզեմ` զաւակներս աւելի միաբանուած, հաւաքական մտածելակերպով հայեր ունեցող Հայաստան տեսնեն:
Թո՛ղ հայրենասիրութիւնը սոսկ բառ չըլլայ կամ զգացմունք չարտայայտէ, այլ, իրապէս, գործնականին մէջ եւ մնայուն աշխատանքով ապացուցուած ըլլայ:
–Հայրենադարձութենէն ետք ձեզի համար ամենայիշարժան օրը որ մէկը եղա՞ծ է:
-Ամենայիշարժաններէն տղուս ծննդեան օրը: Հիմա անոր երբեմն կէս կատակ, կէս լուրջ` երեւանցի տղայ կը կանչենք, ան ինքզինքը լաւ կը զգայ (կը ծիծաղի-հեղ.): Կարեւոր եւ արժանայիշատակ իրադարձութիւն կը համարեմ 2009 թուականին «Վիւասել-ՄՏՍ Հայաստան»-ի մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային փոփոխութիւնը, շնորհակալ եմ ինծի վստահելու համար:
–Նոր մուտք կը գործենք 2018 թուական, ինչ է հայ ժողովուրդին ուղղուած ձեր բարեմաղթանքն այս կապակցութեա՞մբ:
-Յոյսով եմ` 2018 թուականը հայ ժողովուրդին համար կ’ըլլայ դրական մեծ փոփոխութիւններու տարի: Փորձե՛նք մտածել ոչ միայն անձնական, այլեւ`ազգային շահի մասին:
Օգտագործե՛նք մեր փոքր երկրի մեծ հնարաւորութիւններն` ի շահ Հայաստանի զարգացման: Առողջութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորին, իսկ աշխարհին` խաղաղութիւն:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի