Ոեւէ հաշմանդամ Զինուոր Պէտք Չէ Անտեսուի. Հայկուհի Մինասեան

«Հերացի» համալսարանական թիւ 1հիւանդանոցի տարածքին վիրաւոր զինուորներու համար կառուցուող վերականգնողական կեդրոնին մէջ բուռն շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան:
Ըստ Panorama.am-ի ՝ «Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներին եւ զինուորական հաշմանդամներին» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հայկուհի Մինասեան նշած է, որ շինարարները գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատին, որպէսզի մինչեւ Յունուար 28 շէնքը յանձնեն շահագործման:
Նշենք, որ հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական կեդրոնի բացումը կը նախատեսուի Յունուար 29-ին: Կեդրոնին մէջ համալիր վերականգնողական բուժում պիտի ստանան տարբեր տարիներուն վիրաւորուած, հաշմանդամ դարձած զինծառայողները, պիտի ցուցաբերուի հոգեբանական աջակցութիւն, իրականացուին նաեւ ուսումնական ծրագիրներ, պիտի փորձեն լուծել նաեւ անոնց զբաղուածութեան խնդիրը:
Հայկուհի Մինասեանի խօսքով` կեդրոնը պիտի համալրուի գերժամանակակից սարքերով. «Շուտով թանկարժէք սարքերը պիտի բերուին Հայաստան: Ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի հաշմանդ զինուորները անհրաժեշտ բուժում ստանան Հայաստանի մէջ: Կը կարծեմ, որ այս կեդրոնի բացումէն ետք զինուորները այլեւս արտերկիր երթալու կարիք չեն ունենար»:
Հասարակական կազմակերպութեան նախագահը նշած է, որ կեդրոնի ստեղծման գաղափարը յառաջացած է ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է մարտական գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած զինուորներու բուժումը կազմակերպել արտերկրի մէջ, քանի որ Հայաստանի մէջ գործող վերականգնողական կեդրոնները համապատասխան հնարաւորութիւն եւ յագեցուածութիւն չունին:
«Ապրիլեան պատերազմի օրերուն շատերը կը խօսէին ողնաշարի, գանգուղեղի վնասուածք ստացած զինուորներու բուժումը արտերկրի մէջ կազմակերպելու մասին: Դուրսը վերականգնողական կեդրոններու մէջ բուժումը բաւական թանկ արժէ, իսկ վերականգնողական բուժումը ամիսներու հարց չէ, այլ տարիներու: Ապրիլեան պատերազմէն ետք մասնագէտները կամաւորական սկզբունքով զինուորական հիւանդանոց գացին, անոնք սկսան աշխատիլ վիրաւոր զինուորներու հետ, ունեցան այնպիսի արդիւնքներ, որոնք շատերու համար զարմանալի էին: Ծրագիր կազմեցինք, ներկայացուցինք այն ժամանակ Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանին: Արդիւնքով, որոշուեցաւ ստեղծել այս կեդրոնը եւ աջակցիլ մեր հաշմանդամ զինուորներուն»,- ըսած է Հայկուհի Մինասեան:
Անոր խօսքով` դաշտային աշխատանքներ կատարած են, որպէսզի գտնէին տարբեր տարիներու վիրաւորուած զինհաշմանդամները: «Զինուորներ կային, որոնք տարիներ շարունակ գամուած էին անկողինը, սակայն հիմա վերականգողնական բուժումներէն ետք արդէն ոտքի կանգնած են: Որեւէ զինհաշմանդամ անտեսուած պէտք չէ ըլլայ,- ըսած է Հայկուհի Մինասեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ կայ 9000 հաշմանդամ, տարեկան 200-300-ով հաշմանդամ զինուորներու թիւը կ՛աւելնայ:
Վերականգնողական կեդրոնին մէջ մնայուն բուժում կրնան ստանալ 30-40 հաշմանդամ զինուորներ, իսկ շարժական բուժում` աւելի շատ հաշմանդամներ:
Նշենք, որ վերականգնողական բուժումը կ՛իրականացուի անվճար: