Համագործակցութեան Նոր Հեռանկարներ

Յունուար 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեանը եւ փոխտնօրէն Պապին Մուրատեանը:
Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Մայր Աթոռի մէջ գրադարանային գործի պատշաճ կազմակերպման աշխատանքները:
Մատենադարանի տնօրինութիւնը նախարարին տեղեկացուց սփիւռքահայ գրողներու հրատարակած գիրքերու եւ սփիւռքահայ մտաւորականներու անձնական գրադարաններէն Մատենադարանին նուիրելիք գրականութեան անբաւարար ըլլալու մասին` այս հարցով ակնկալելով նախարարութեան աջակցութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ յառաջիկային Մատենադարանին կը յատկացնեն Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակած գիրքերէն, ինչպէս նաեւ` «Գրական Սփիւռք» տարեգիրքի հատորներ: Նախարարն առաջարկեց նաեւ Մատենադարանի ընթերցասրահին մէջ ստեղծել «Սփիւռքահայ գրողներ» բաժին:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակներու ծիրէն ներս համատեղ ձեռնարկներ ու բանախօսութիւններ կազմակերպել:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Մատենադարանի տնօրինութիւնը յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Ս. Էջմիածինի Մատենադարանի միջեւ սկիզբ կ’առնէ բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:

 

 

 

Scroll Up