Թուրքիոյ Հայութիւնը Եւս Նշած է Սուրբ Ծննդեան Տօները

Սուրբ Ծնունդը մեծ խանդավառութեամբ նշուած է նաեւ Թուրքիոյ հայութեան կողմէ։ Այս տարի եւս Սուրբ Ծննդեան պատարագներ մատուցուած են տասնեակ հայկական եկեղեցիներու մէջ:
Համացանցի մէջ տարածուած է տեսանիւթ, ուր Պոլսոյ «Երէք խորան» հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տօնախմբութիւնը ուղեկցուած է հայկական աւանդական երգուպարով: Ելոյթով հանդէս եկած է Պոլսոյ հայկական «Մարալ» երգի ու պարի համոյթը:
Ամանորի եւ Ս․ Ծնունդեան յատուկ համերգային ծրագիրով հանդէս եկած նաեւ Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասի «Սահակեան Դպրաց դաս» երգչախումբը:
«Թերթ»-ը կը նշէ, որ տօնական ծիսակարգեր կատարուած են նաեւ Թուրքիոյ հայկական շարք մը միութիւններու մէջ, ուր պատրաստուած են աւանդական անուշապուրը, տաք գինին:
Ինչպէս կը նշէ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ը, այս տարի, ամէն տարուան պէս, Սուրբ Ծննդեան պատարագ մատուցուած է ոչ միայն Պոլսոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներու մէջ, այլեւ պատմական Կիլիկիոյ որոշ հատուածներու մէջ. մասնաւորապէս` Իսքենտերունի հայկական «Քառսուն մանուկ» եւ Վաքըֆ հայաբնակ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ:
Տիարպեքիրի հայ համայնքը, սակայն, այս տարի եւս մնացած է առանց Սուրբ Ծննդեան պատարագի` Սուրբ Կիրակոսի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով: 2012-ին վերակառուցուած եւ 2015-ին թուրք-քրտական բախումներու կիզակէտին յայտնուած ու աւերածութեան ենթարկուած Սուրբ Կիրակոսի դռները կը շարունակեն փակ մնալ: