Այս Տարի Եւս 10 Հազար Տուփ Նուէրներ Պիտի Բաժնուին ՀՀ Եւ Արցախի Երեխաներուն. տեսանիւթ

Շարունակելով նախորդ տարիներու բարի աւանդոյթը` մեր սիրելի կամաւորները պատրաստեցին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ջանքերով Հայաստան բերուած Սուրբ Ծննդեան նուէրներով լեցուն աւելի քան 10 հազար տուփեր, որոնք պիտի բաժնուին Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջ տարածքին բնակող անապահով ընտանիքներու երեխաներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն Նելսոն Ռանտոլֆին եւ Ալ Ճիպիլեանին` նուէրներու ձեռք բերման, Հայաստան փոխադրման եւ փաթեթաւորման ամբողջ գործընթացքը կազմակերպելու համար:
Վերջին տարիներուն ընթացքին մեր կամաւորներու ջանքերով փաթեթաւորուած է նուէրներով լեցուն աւելի քան 28 հազար տուփ եւ բաժնուած Հայաստանի ու Արցախի մանուկներուն եւ պատանիներուն: