Քուէյթի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

Դեկտեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Քուէյթի Ազգային վարչութեան ատենապետ Մունիր Դարբինեանը եւ դուստրը` «Տուտուկ» զբօսաշրջական ընկերութեան տնօրէն Արշօ Դարբինեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց համայնքի համախմբուածութիւնն ու աշխոյժ մասնակցութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն:  «Քուէյթի հայ համայնքը Սփիւռքի ամենակուռ եւ կազմակերպուած համայնքներից է», – ընդգծեց նախարարը եւ համայնքի ղեկավարը հրաւիրեց մասնակցելու 2018 թուականի հոկտեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք «ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահակական 4-րդ համաժողովին»: Նախարարը նշեց նաեւ, որ պէտք է աշխատիլ Քուէյթի Պետութեան մէջ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ակումբ ստեղծելու ուղղութեամբ:

Նախարարը հետաքրքրուեցաւ նաեւ զբօսաշրջական ընկերութեան գործունէութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու ընկերութեան` համագործակցելու ՀՀ-ի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատու կառոյցներու հետ:

Արշօ Դարբինեան ներկայացուց ՀՀ-ի մէջ զբօսաշրջութեան ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները եւ «Տուտուկ» զբօսաշրջական ընկերութեան ծրագիրներն ու հեռանկարները:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց հիւրերու Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով, որ 2018 թուականը ըլլայ առողջութեան, անձնական  յաջողութիւններու եւ ձեռքբերումներու տարի:

 

 

Scroll Up