Տարեմուտի Հանդէս` Աստանայի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցի Աշակերտներուն Համար
Դեկտեմբեր 24-ին Աստանայի «Վան» հայկական մշակութային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ «Թան» սրճարանին մէջ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն համար կազմակերպուած էր Նոր Տարուայ հանդէս: Հայկական սրճարանը առտուընէ տօնական տեսք ստացած էր եւ իր հիւրընկալ դռները բացած մեր հայրենակիցներուն առջեւ: Հաւաքուած էին փոքրերն ու մեծերը, որպէսզի միասին նշեն մեր հայկական նոր Տարին եւ Սուրբ ծնունդը:
Կը հնչէին ուրախ երգն ու պարը, «Նաիրի» պարային խումբի աղջիկները կը հիացնէին իրենց նազանքով, իսկ երբ առաջ եկան Կատուալեան 4 եղբայրները եւ անոնց երեքամեայ քոյրը` Գոհարիկը, եւ կատարեցին «Մենք քաջ տոհմի զաւակներն ենք» երգը, սրճարանը թնդաց ծափողջոյններու տարափէն: Ատոր յաջորդեցին հայկական ազատագրական երգերը: Ներկաներուն հիացուց Օֆելեայ Խաչատրեանի գեղեցիկ կատարումը «Մենք հայ ենք» հրաշալի երգի: Համերգը` համերգ, բայց, ի հարկէ, բոլորը կը սպասէին ամանորեայ նուէրներու: Եւ երբ դռներուն մօտ երեւցան Ձիւնանուշն ու Ձմեռ պապը, բոլորը հասկցան, որ այդ «բաց»ն ալ շուտով կը լրացուի: Եւ իրօք, հովանաւորները, համայնքի նախագահ Սահակ Սալումեանի նախաձեռնութեամբ, հոգացած էին այն մասին, որ ոեւէ երեխայ առանց նուէրի չմնայ:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպած էին այս գեղեցիկ տօնը: Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ ծնունդ:
Աստանա, Հայաստան Մնէյեան