Սուրիահայ Երեխաներու Պարախումբերու Բաց Դասը Եւ Հաշուետու Համերգը Ֆիլհարմոնիայի Պարային Արուեստանոցին ՄԷջ

Ֆիլհարմոնիայի պարային արուեստանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ  Հ.Իգիթեանի անուան  Գեղագիտւթեան Ազգային Կեդրոնին մէջ ստեղծուած  սուրիահայ երեխաներու պարախումբերու բաց դասը եւ հաշուետու համերգը: Երեք տարբեր տարիքային խումբերու մէջ  ընդգրկուած է 25 երեխայ:

Պարախումբերը կը գործեն սեպտեմբերէն: Պարուսոյցներն են Ատրինէ Շիրինեան,Լուսինէ Սոպաչեան եւ Աշոտ Օհանեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան սուրիահայ երեխաներու սորված պարային առաջին քայլերն ու շարժումները, իսկ իւրաքանչիւր դասի աւարտին ներկայացուեցաւ պարային համար:  Արուեստանոցի սաները ներկայացուցին նաեւ փոքրիկ համերգային ամանորեայ ներկայացում:

Աւարտին ֆիլհարմոնիայի «ԳԱԿ» տնօրէն Գագիկ Աւետիսեանի կողմէ ներկայացուեցաւ  պարային համար` արուեստանոցի  սաներու մասնակցութեամբ:

  

Scroll Up