Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Պիտի Վերակազմաւորուի Եւ Պիտի Դառնայ Հիմնադրամ
ՀՀ կառավարութեան Դեկտեմբեր 21-ի որոշումով, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ պետական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը պիտի վերակազմաւորուի եւ պիտի դառնայ հիմնադրամ: Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը։
Ըստ հիմնաւորման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը հիմնադրամի վերածելու անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է Ցեղասպանութեան թանգարանի զարգացման ծրագիրներու իրականացման համար առաւել նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու հանգամանքով:
Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կը նպաստէ թանգարան-հիմնարկի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, տարբեր աղբիւրներէ, նաեւ Սփիւռքէն ներդրումներու ապահովման:
Կ՛ակնկալուի, որ հիմնադրամի կարգավիճակ ստացած թանգարանը կը վերածուի ինքնավարութեան առաւել բարձր մակարդակ ունեցող գիտական կեդրոնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման ոլորտ ներգրաւելով նաեւ օտար ուսումնասիրողներու, գիտնականներու, ձեւաւորելու միջազգային հասարակութեան վերաբերմունք Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ արտաքին աշխարհի մէջ անհրաժեշտ ընկալման հասնելու նպատակով:
«Կազմակերպաիրաւական կարգավիճակի փոփոխութիւնը լայն հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի ճկուն ու արդիւնաւէտ օգտագործելու նիւթական միջոցները, թանգարանին մէջ ծաւալելու լրացուցիչ ներդրումներ պահանջող աշխատանքներ՝ այնտեղ ներգրաւելով նաեւ սփիւռքահայ գաղթօճախներու ներկայացուցիչներ, բարերարներ: Հիմնադրամին կարգավիճակը կ՝ենթադրէ աւելի բարձր ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնակառավարում՝ ի դէմս հոգաբարձուներու խորհուրդին, որ իրաւասու է սահմանելու ձեռնարկատիրական գործունէութեան նոր տեսակներ»,- նշուած է հիմնաւորման մէջ: