Սրբատեղ Հարսնաքար Սարի Վրայ Բաղանիսցիները Խաչքար Տեղադրած են (լուսանկարներ)

Սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի միջնադարեան ժամանակներէն յայտնի Հարսնաքար սարը, որ բաղանիսցիներու սրբատեղին կը հանդիսանայ՝ տեղադրուած է նոր խաչքար:

Ըստ Panorama.am-ի՝ նախկին գիւղապետ Նարեկ Սահակեան, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Բաղանիսցիի ամէն առաւօտ ամենամեծ խնդրանքը ԱՍՏՈՒԾՈՅ եղած է «Հարսնաքար ԵՐԵՍՍ ՈՏՔԻԴ ՏԱԿԸ, ՄԻՆԱՅՆ ԿՌԻՒ ՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ Չըլլայ»:

ՅԳ. Հարսնաքարի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցած են մեր մեծ հայրերը, կ՝աղօթենք եւ մենք, պիտի աղօթեն նաեւ մեր ապագայ սերունդները. Բաղանիսը վաղուան օրուան ա՛լ աւելի լաւը ըլլալու հաւատքով կ՝ապրի»:

Scroll Up