Մենք Ուժ Կը Ստանանք Մայր Հողէն

Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ աշխուժութիւն կը տիրէր։ Օրեր առաջ արդէն մամուլէն եւ հայկական ձայնասփիւռէն կը հնչէր այն լուրը՝ թէ Վալանս պիտի այցելէ ՀՀ սփիւռքի նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բարձրաստիճան հիւրեր։

Սպասուած օրը եկաւ։ Վալանսի հայ մշակոյթի տունը հայաշունչ օճախ դարձած էր։ Լեփլեցուն դահլիճի մուտքին կանգնած էր սկաուտներու խումբը, իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղելու հիւրերուն։ Լուսաւոր սրահին մէջ պարզուած էին Ֆրանսայի, ՀՀ եւ ՀՅԴ դրօշները։ Ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր դահլիճին մէջ։

Սկսան  ներս   մտնել   բարձրաստիճան   հիւրերը։ ՀՀ  սփիւռքի     նախարար՝   Հրանոյշ   Յակոբեան, գերաշնորհ   Տէր   Վահան Յովհաննէսեան՝   Ֆրանսայի  հայ   Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ եւ Կաթողիկոսական   Պատուիրակ   Արեւմտեան     Եւրոպայի,    Լիոնի    փոխ       հիւպատոս՝ Գայեանէ Մանուկեան,Մարսէյի հիւպատոս՝ Ռուբէն Խարազեան, Նիգոլա Տարակոն՝ Վալանսի քաղաքապետ, փոխ   նախագահ   Րոն Ալբ   շրջանի   եւ   նախագահ   52   շրջանային      քաղաքներու,     Վալանսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ, փոխ նախագահ     Տրոմ    նահանքի խորհուրդի Վերոնիք Բիւժա, Վալանսի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանաշնորհ Տէր Անդրանիկ  քահանայ  Մալճեան,    Ռօմանի   եւ շրջակայքի հոգեւոր հովիւ՝    Արժանաշնորհ   Տէր   Դաւիթ   քահանայ   Մարգարեան,    Մարանաթա եկեղեցւոյ     Պատուելի   Լուտէր   Նասանեան,  Ռատիօ  Ա֊ի տնօրէն   Ճորճ   Աւետեան,    Ապրիլ 24֊ի կոմիտէի      համանախագահներ՝    Գրիգոր  Ամիրզաեան եւ  Գէորգ     Ռաստկէլէնեան,    Արեւելիան  Եւրոպայի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ   համանախագահ   Ապրիլ 24     կոմիտէի՝ Ճորճ Իսասեան, ՀՄԸՄ֊ի սկաուտական խումբի պատասխանատու՝         Կարօ       Ստեփանեան   եւ  փոխ ատենապետ Յարութ Տէրտէրեան, Կապոյտ  Խաչի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝
Արշալոյս Եանպէքեան եւ “Աղվիտա” մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Ռիթա Ապէլիան,  ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական դէմքեր եւ ներկայացուցիչներ։

Հիւրերը   ատենապետ   Նազօ   Ճինպաշեանի   առաջնորդութեամբ   շրջեցան եւ   ծանօթացան   հայ մշակոյթի տան մէջ գործող քոյր միութիւններու գործունէութեան։ Այցելեցին նաեւ “Ռատիօ Ա”, ուր տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Սրբազան Հօր հետ։

Այնուհետեւ     հիւրերը   վերադարձան  դահլիճ,   ուր   հնչեցին   երկու   երկիրներու  օրհներգները եւ Տէրունական աղօթքը,   որպէս սկիզբ՝ երեկոյեան   հանդիսութեան։     Վալանսի ՀՅԴ   Քրիստափոր ենթակոմիտէի         հերթապահ     եւ       հայ մշակոյթի      տան  վարչութեան քարտուղար     Սուսան Փահլեւանեան հայերէն լեզուով բարի գալուստի խօսքեր   յայտնեց հիւրերուն։    Կարեւոր  նկատեց նախարարութեան դերն ու նշանակութիւնը սփիւռքի    հայութեան համար։ Գնահատեց բազմաթիւ ծրագիրներու       գոյութիւնը       եւ     փոխ     գործակցութիւնը      ու   աւելցուց. Ի՞նչ   տուաւ    այսօր նախարարութիւնը մեզի, տուաւ մագաղաթեայ մատեան, գիրք մը, որպէսզի փոխանցենք սերունդէ սերունդ ի խնդիր մեր գոյութեան։ Ապա  ըսաւ.֊ Ուրախ եմ, որ գոյութիւն ունի այս կամուրջը, որ կը միացնէ Սփիւռք֊ Հայաստան֊Արցախ աշխարհները :

Բարի գալուստի խօսքը հիւրերուն ֆրանսերէն լեզուով յայտնեց հայ մշակոյթի տան  ատենապետ, Ապրիլ 24֊ի   կոմիտէի   բիւրոյի քարտուղար՝ Նազօ Ճինպաշեան, _” Թէեւ    հայրենիքէն հեռու ենք, բայց      տեղեակ    ենք Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ   մշակութային անցուդարձին։ Կ’ապրինք հայրենիքի ցաւերով եւ ուրախութիւններով։ Մեր ցանկութիւնը այն է, որ խաղաղութիւն տիրէ Արցախի սահմաններուն վրայ, որպէսզի հայ զինուորներ չզոհուին։ Մենք մեր ուժը կ’առնենք մայր հայրենիքէն։    Թող զօրանայ այն եռամիասնութիւնը զոր կ’անուանենք Սփիւռք֊ Հայաստան֊Արցախ”։

Այնուհետեւ ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Սրբազան Հայրը.֊”Հայ մնալու   առաջին    գրաւականը սփիռքի մէջ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումն է” ըսաւ։    Ամենայն   ուշադրութեամբ    ներկաները կ’ունկնդրէին եւ իրենց գոհունակութիւնը կը յայտնէին մերթ ընդ  մերթ ծափերու տարափով։

Սփիւռքի   նախարար   տիկին Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց հայ   ինքնութեան  դերը։    Կարեւոր նկատեց սփիւռք֊ Հայաստան֊Արցախ կապի անհրաժեշտութիւնը։ Նմանապէս  ելոյթներ ունեցան Վալանսի քաղաքապետ Նիգոլա Տարակոն, Պուրկ Լէ Վալանսի քաղաքապետուհի Մարլէն Մուրիէ, փոխ նախագահ Տրոմ նահանքի խորհուրդի եւ Վալանսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ՝ Վերոնիք Բիւժա։

Հանդիպման աւարտին տիկին Յակոբեան,հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ճինպաշեանին նուիրեց ազգային երաժշտական գործիք “Դուդուկ”, ինչպէս նաեւ իր հեղինակած “Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում” գիրքը, պարգեւատրեց նաեւ պատուոգիրով։ Ռատիօ Ա֊ն իր հերթին 35 ամեակին առթիւ “Մետալի” արժանացաւ, որ յանձնուեցաւ Ռատիօ֊ի տնօրէն Ճորճ Աւետեանին։ Նազօ Ճինպաշեան իր կարգին նուէրներ յանձնեց յարգարժան հիւրերուն, մասնաւորաբար գեղանկարներ Ժէրոմ Պոյաճեանի գործերէն։

Այս անմոռանալի եւ բացառիկ երեկոն վերջ գտաւ բարեկամութեան եւ միասնութեան համազգային ոգիով։
Վալանսի հայ մշակոյթի տան վարչութեան անդամ՝
Սուսան Փահլեւանեան

Լուսանկարները` Գրիգոր Ամիրզայեանի

 

Scroll Up