Յուշ-երեկոյ` Նուիրուած Մոնթէ Չարլզի Մելքոնեանի (Աւօ) Ծննդեան 60-ամեակին

Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Նոյեմբեր 30-ին կազմակերպուած է յուշ-երեկոյ` նուիրուած հրամանատար, Արցախի եւ Հայաստանի ազգային հերոս Մոնթէ Չարլզի Մելքոնեանի (Աւօ) ծննդեան 60-ամեակին:

 Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ձեռնարկին ելոյթ ունեցած են Աւոյի մարտական ընկերներն ու գաղափարակիցները:

ՀՀ զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար, Աւոյի մարտական ընկեր Մովսէս Յակոբեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ խորհրդանշական է, որ յայտնի հրամանատարին յոբելեանը մեծ շուքով նշանաւորուած է Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի պաշտօնական բացումով:

«Գոյապայքարի տարիներուն, երբ Արցախի ու արցախահայութեան գոյութեան հարցը դրուած էր, հայոց նուիրեալներու գերնպատակը դարձած էր հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Անոնց մէջ էր նաեւ Մոնթէ Մելքոնեանը, որ ուշադրութիւն գրաւեց իր կրակոտ խառնուածքով, բանիմացութեամբ, հայրենասիրութեամբ: Ան իր ողջ գիտակցական կեանքը նուիրած է հայ ժողովրդի անվտանգութեանն ու պաշտպանութեան: Ինծի համար Մոնթէն ազնուութեան բացարձակ չափանիշ էր: Առաջին հայեացքէն բարդ ու հակասական կերպարին ետեւ պարզ ու հասարակ, իրեն միւսներէն չգերադասող, կռուի թոհ ու բոհի, դաժանութիւններու մէջ բիւրեղեայ, մաքուր անձնաւորութիւն էր: Ան արցախեան ազատամարտը կ՛ընկալէր համահայկական իր ողջ նշանակութեամբ` որպէս պատմական հայրենիքի ամբողջ տարածքի ինքնորոշման մէկ մաս»,-մասնաւորապէս ըսած է Մ. Յակոբեան:

Ելոյթ ունեցած են նաեւ Աւոյի մարտական ընկերներ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, զօրավար Հմայեակ Եարոյեանը, Մարտիրոս Ժամկոչեանը որոնք փորձած են ամբողջացնել հերոսին կերպարը` կիսուելով անոր մասին իրենց յուշերով:

Յուշ-երեկոն կ՛ուղեկցուէր Արցախի պաշտպանութեան բանաի «Ասպետ» համոյթի հայրենասիրական երգերով, Մարտունիի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան պետական մանկապարտէզի սաներու արտասանութեամբ, ինչպէս նաեւ Աւոյի մասին ցուցադրուող տեսանիւթերով:

Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱՀ ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտօնատար այլ անձիք, զինուորականներ, հիւրեր եւ այլք:

Նշենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանի երէկուան նիստին որոշուած է Երեւանի փողոցներէն մէկը անուանել Մոնթէ Մելքոնեանի անունով:

Scroll Up