Մարսէլի ARAM Ընկերակցութիւնը Կը Հաւաքէ Եւ Կը Թուայնացնէ Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Պատմութիւնը

Մարսէլի հայկական յուշերու հետազօտման եւ արխիւացման ընկերակցութիւնը` ARAM-ը (l’Association pour la Recherche et l’Archivage de la Mռmoire Armռnienne), կը հաւաքէ եւ կը թուայնացնէ Ֆրանսայի հայ համայնքի մասին պատմող փաստաթուղթերը, լուսանկարները, նամակներն ու ձայնասկաւառակները:

«Կարեւոր է որեւէ փաստաթուղթ, ըլլայ ատիկա  աշխատանքի պայմանագիր, ձեռնարկի ազդարարագիր, թէ պարահանդէսի տոմս` ատիկա արխիւի շատ հետաքրքիր մաս է: Մենք ունինք 30-ականներու լուսանկարներ: Մեզի գիրքեր կը բերեն, որոնք յաճախ անընթեռնելի են: Մենք շնորհակալ ենք վստահութեան համար, քանի որ մարդիկ գիտեն, որ այստեղ ատոնք կը թուայնացուին եւ կը տարածուին»,-պատմած է ` ARAM-ի արխիւային կեդրոնի կառավարիչ եւ պատմութեան ու աշխարհագրութեան փրոֆէսոր Աստրիդ Արթին-Լուսիկեան, կը յայտնէ Rusarminfo-ն La Marseillaise-ի վրայ յղումով:

Առաջին հայերը Ֆրանսայի մէջ հաստատուած են վաղ միջնադարի` 6-րդ դարուն: Անոնց թիւը աստիճանաբար աւելցած է յատկապէս Կիլիկիոյ հայկական պետութեան անկումէն (XIV դար) յետոյ, ապա` XV-XVI դարերուն, երբ հայկական փոքրաթիւ գաղութներ հիմնուեցան Մարսէլի, Փարիզի եւ  քանի մը այլ քաղաքներու մէջ: Ֆրանսահայ համայնքը մասնաւորապէս ստուարացաւ, երբ Մեծ եղեռնէն փրկուած արեւմտահայ գաղթականներու հազարաւոր ընտանիքներ եւ որբեր հաստատուեցան Ֆրանսայի մէջ:

 

Scroll Up