Դեսպան Մկրտչեանի Հանդիպումը Պէյրութի Առեւտրականներու Ընկերակցութեան ՄԷջ

Նոյեմբեր 28-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպեցաւ Պէյրութի առեւտրականներու ընկերակցութեան փոխնախագահ Ճիհատ Թաննիրին եւ գլխաւոր քարտուղար Նապիլ Հաթեմին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման հնարաւորութիւնները, նպատակայարմար դիտարկուեցաւ գործարար ժողովներու կազմակերպման եւ պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններու միջոցով խրախուսել երկու երկիրներու գործարարներու անմիջական կապերը:

Կողմերը կարեւորուեցան տեղեկատուութեան փոխանակման մշտական հարթակի անհրաժեշտութիւնը` որպէս զարգացումներուն հետեւելու եւ համագործակցութեան ուղղութիւններուն ճկուն արձագանքելու առաւել արդիւնաւէտ միջոց :

 

 

Scroll Up