Տինքը Իբրեւ Թիրախ Ցոյց Տուած, Մարդասպանին Ճամբայ Ցոյց Տուած Բազմաթիւ Պաշտօնեաներ Չդատապարտուեցան. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ թրքական արդարադատութիւնը տակաւին շատ հեռու է Հրանդ Տինքի սպանութեան հանգամանքները բացայայտելէ եւ մեղաւորները պատժելէ:

«Թ24» կայքը կը գրէ, որ Փայլան քննադատած է երկրին արդարադատութեան նախարարութիւնը եւ նշած, որ պետութիւնը Տինքի սպանութեան գործով դատական հոլովոյթը վերածած է յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին մէջ շարք մը խումբերու հետ իրենց հաշիւները մաքրելու միջոցի:

«11 տարի է` կը հետեւիմ Տինքի սպանութեան գործով դատական հոլովոյթին: Որովհետեւ ան մեծ եղբայրս էր, ընկերս էր, մենք միասին կը պայքարէինք: Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք մենք ըսինք, որ այս գործին շատ պետական պաշտօնեաներ մեղսակից են. սպանութեան նախապատրաստման մասին գիտցող, անոր հետեւող, տեսնող… Տինքը իբրեւ թիրախ ցոյց տուած, մարդասպանին ճամբայ ցոյց տուած, սպանութիւնը չխոչընդոտած բազմաթիւ պետական պաշտօնեաներ չդատապարտուեցան», ըսած է Փայլան` շեշտելով, որ Թուրքիան կարիքը ունի իսկապէս «արդարութիւն բաշխող» Սահմանադրական դատարանի:

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 19 Յունուար 2007-ին:

Scroll Up