Համոյթ` Վալանսի Ս.Սահակ Առաքելական եկեղեղւոյ մէջ

Մթնոլորտը հոգեւոր եւ խաղաղ էր անցեալ Նոյեմբեր 19, 2017-ին Վալանսի Ս.Սահակ Առաքելական եկեղեղւոյ մէջ, յընթացս Շերզօ համոյթին կողմէ ներկայացուած հոգեւոր համերգին: Բոլոր շարականները` ֆրանսերէն, լատիներէն, հայերէն եւ այլն` նուիրուած Ս.Աստուածածնին գրաւեցին բազում մասնակցողներուն սրտերը :

Այս մասին Հայերն ասյօր-ին կը յայտնէ Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեան Վալանսէն: Շերզօ համոյթի ղեկավարն է ֆրանսացի հայասէր հանրածանօթ խմբավար եւ երգեհոնահար Ժան ֆրանսուա Միւրժաս: Մաս կազմելով սոյն համոյթին, Վալանսի եւ Տրոմ Արտէշ մարզերու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեան հայ հոգեւոր երաժշտութեան գանձարանէն քաղուած «Խնկի ծառի նման ես» եւ «Մայր եւ Կոյս», ինչպէս նաև Շառլ Ազնաւուրի սիրուած «Աւէ Մարիա»-ն մեկնաբանեց: Իսկ իրեն ընկերները « Աւէ Մարիա»-ներու  տարբեր յօրինումներ:

Scroll Up