Հոգիի Կանչով, Գրիչի Շունչով. Վալանսի ՄԷջ Կայացաւ Անժէլա Սահակեանի Գիրքի Շնորհանդէսը

Նոյեմբեր 17-ի Երեկոյեան Վալանսի Հայահոծ Գաղութը Կը Շտապէր Պուղլէ  Վալանսի (Լա  Փասսղել) գրադարանի  սրահը`հանդիպելու գեղատեսիլ Արցախ  աշխարհի ծնունդ, գրող, հրապարակախօս Անժէլա Սահակեանին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Սուսաննա  Փահլեւանեան, «Ճշմարտութեան   պարտադրանք»-ը ոտքի  հանած էր հայ մշակոյթի տան  վարչութեան անդամներուն: Ատենապետը Նազօ Ջինբաշեանն է, բազմազբաղ  անձնաւորութիւն, որ ի զօրու է, նոյնիսկ այս պահուն, երբ հսկայածաւալ շինարարական աշխատանքներ  կ’ընթանան  25 տարի վերանորոգում  չտեսած շէնքին մէջ, մտահոգուած համայնքի հայապահպան գործունէութեամբ: Այսօր ալ յաւուր պատշաճի ընդունելութիւն, հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող այն վեհ առաքեալին,  որ օրնիբուն լծուած է մէկ նպատակի` Սփիւռքի մէջ ապրող մարդոց ծանօթացնելու մայր հայրենիքին մաս կազմող մեր պատմական Արցախին, ծանօթացնելու անոր ցաւին, հասկցնել, որ այսօր ալ  ցեղասպանութիւն կը կտարուի, այսօր ալ կը զոհուին, այսօր ալ  անմեղներ կը նահատակուին, եւ պայքարելու, որ նորանոր դաւեր բոյն չդնեն մեր բերրի ու պտղատու հողի ընդերքին:

Ահա այս առաքելութեամբ Անժէլա Սահակեան կը շրջի Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ` իրեն հետ  տանելով  «ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքը, իր կոչը, եւ ոչ միայն, այլ նաեւ Արփեն Մովսիսեանի «Հայից  հայ» հաղորդաշարէն  պատառիկներ: Այսօր ալ վալանսահայ համայնքը լսեց Անժէլա Սահակեանին, թերթեց «ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքի էջերը, դիտեց «Խօսի’ր Հայաստան, խօսի’ր աշխարհ» վաւերագրական  ֆիլմը:

Այս յուզիչ հանդիպման  ներկայ էին Վալանսի հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ Քահանայ Մալճեան, Վալանսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ Ժորժ Ռաստքլան, Նաթալի Իլեոզեր, քաղաքապետի տեղակալ եւ Դրոմ նահանգի  խորհուրդի փոխնախագահ Վեղոնիկ  Պուժան, «Արմենիա»-ի նախագահ, թղթակից     Գրիգոր Ամիրզայեան, «Մալաթիա» հայրենակցական միութեան նախագահ Խոսրով Իլեոզերը, Պուղլէ Վալանսի քաղաքապետի  տեղակալ  Ժան  Պնուա Քել Յակոբեան, Պուղլէ Վալանսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Մաղգղետ Ընգույէնը, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տելպիեղ  Տեմոթեն, «Ապրիլ 24» կոմիտէի նախագահ, կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Իսասեան  եւ այլք:

Ձեռնարկէն ետք  ներկաները բուռն քննարկումներ, կարծիքներ կը փոխանակէին,  թերթին մէջ  հայերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն  տարբերակներու էջերը   եւ ինքնագիր կը խնդրէին «ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքի հեղինակ,  Արցախի եւ Հայաստանի  գրողներու միութեան անդամ Անժէլա Սահակեանէն, որուն շրթունքներէն կը հնչէր. «Ելի’ր, ով  հա՜յ,  քո երակներուն մէջ  Հայկ  Նահապետի  արիւնը կը հոսի, ժամանակն է, որ պայքարիդ  գաղափարը դառնայ իսկական պայքար, ժամանակն է, որ հայրենաշունչ, ռազմական  երգերդ դառնան իրականութիւն  եւ ոչ թէ  սպեղանի»:

Scroll Up