Թուրքիոյ Մէջ Նկարահանուած է Մոռցուած Օրօրոցայիններու Մասին Փաստագրական Ֆիլմ, Ուր Կ’երգեն Նաեւ Հայերէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/01-1.png)
Թուրք բեմադրիչ Արին Ինան Արսլանը հաւաքած ու փաստագրական ֆիլմի վերածած է Թուրքիոյ տարածքին բնակող տարբեր ժողովուրդներու` 7 լեզուով երգուած ու մոռացութեան մատնուած շուրջ 30 հին օրօրոցային ու ատոնք երգող կանանց պատմութիւնները, կը գրէ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ը:
«Այսօր մայրերը այլեւս իրենց երեխաներուն համար օրօրոցային չեն երգեր, այդ իսկ պատճառով այս մշակոյթը կը վերանայ՝ մոռացութեան մատնուելով», –”Թերթ”-ի փոխանցմամբ՝ կը նշէ բեմադրիչը:
Հայերէն, թրքերէն, արաբերէն, քրտերէն, զազայերէն, լազերէն եւ վրացերէն աւելի քան երեք տասնեակ օրօրոցայիններն ու անոնց պատմութիւնները լսելու համար Արսլանը շրջած է ժամանակակից Թուրքիոյ Արթվինի, Կարսի, Հաթայի, Ատանայի, Մալաթիոյ, Տերսիմի, Տիարպեքիրի, Սեբաստիոյ, Խարբերդի, Տրպապիզոնի նահանգներ, ինչպէս նաեւ Համշէն:
Վերացման եզրին գտնուող հին օրօրոցայինները ձայնագրած Արսլան կը փաստէ, որ անոնք յաճախ կ՛արտացոլէին երգողի ցաւը, յոյզերը, ընտանեկան պատմութիւններն ու անցեալի պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները:
«Յատկապէս Թուրքիոյ արեւելեան ու հարաւարեւելեան շրջաններու մէջ օրօրոցայինը յաճախ ողբի վերածուած է: Երբ գացինք Սեւ ծովի շրջան` լազերը ըսին «մեր մօտ ողբերգ չէ եղած, ատոնք արեւելեան (հիմնականօրէն քրտաբնակ -tert.am) նահանգներէն սորված ենք», – կը պատմէ Արսլանը: