Սեւանայ Լիճի Լուսանկարը` Տիեզերքէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/սևան.jpg)
Ռուս տիեզերագնաց-օդաչու, ՌԴ հերոս Սերգէյ Ռեազանսկին, որ օրերս իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ հրապարակած էր Երեւանի լուսանկարները` առնուած տիեզերքէն, այս անգամ հրապարակած է Միջազգային տիեզերակայանէն առնուած Սեւանայ լիճի լուսանկարը:
«Սեւանայ լիճը Հայաստանի մէջ եւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ ջրային տարածքն է, միաժամանակ ամենաբարձր եւ մեծ քաղցրահամ լիճը Եւրասիոյ մէջ: Լիճը կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ` ծովի մակարդակէն 1900 մեթր բարձրութեան վրայ»,- հրապարակման մէջ գրած է Սերգէյ Ռեազանսկին: