Նայմեխէնի Քաղաքապետը Ընդունած Է Հայ Դպրոցականները

Հոլանտայի Նայմեխէն քաղաքի «Վան» մէկօրեայ դպրոցի երկու աշակերտներ` Դաւիթն ու Սոֆին, նոյեմբեր 20-ին քաղաքի եւս 10 երեխաներու հետ հրաւիրուած են Նայմեխէնի քաղաքապետարան, որոնց ընդունած է քաղաքապետ Հիւպերթ Պրուլսին: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» միութեան նախագահ, «Վան» մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն Սուետա Աբրահամեան, իւրաքանչիւր տարի քաղաքապետին կողմէ մետալներ կը ստանան այն երեխաները, որոնք տարուան ընթացքին առանձնայատուկ դեր  կ’ունենան քաղաքի հասարակական կեանքին մէջ:

Դաւիթը, օրինակ, իր նախաձեռնութեամբ դասընկերներուն հետ կազմակերպած է իրենց իսկ ձեռքով պատրաստուած իրերու ցուցահանդէս-վաճառք, հրաւիրած ծնողներն ու հարազատները: Հաւաքուած գումարով նուէրներ  գնած են Նայմեխէնի Մարտինսկլինիկ հիւանդանոցին մէջ բուժում ստացող մտաւոր խնդիրներ ունեցող երեխաներու համար: Ծնողներու եւ մանկավարժներու ուղեկցութեամբ երեխաները այցելած են հիւանդանոց ու տօն կազմակերպած հիւանդանոցին մէջ բուժում ստացող երեխաներուն համար: Դաւիթը մեծ յարգանքի  արժանացած է այդ արարքին համար ու պարգեւատրուած քաղաքապետ Հիւպերթ Պրուլսի կողմէ:

Սոֆին, որ Հիփ-հոփ պարուհի է, իր 4 պարուհի ընկերուհիներուն հետ մասնակցած է Հիփ-հոփի աշխարհի առաջնութեան եւ 9-10 տարեկաններու խումբին մէջ գրաւած առաջին տեղը: Սոֆին նոյնպէս պարգեւատրուած է քաղաքապետ Հիւպերթ Պրուլսի կողմէ:

Scroll Up