Նոր Ջուղայի Սկաուտները Օժանդակեցին «Կարմիր Մահիկ-ին` Մթերք Առաքելու Իրանի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Երկրաշարժի Տուժածներուն

Նոյեմբեր 17-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի Երէց փաղանգի եւ Արի-արենուշ հատուածներու անդամ-անդամուհիները` որպէս կամաւորներ, այցելեցին Սպահան քաղաքին մէջ տեղակայուած «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութեան կեդրոնատեղի:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանոյշ Թահմազեան, մեր հայրենակիցները մասնակցեցան Իրանի Քերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով տուժածներուն օժանդակելու նպատակով ժողովուրդին կողմէ նուիրաբերուած սննդամթերքի, հագուստի եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու փաթեթաւորման գործին: