Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նոյեմբեր 17-ին, ընդունեց ամերիկաբնակ իրաւաբան, հասարակական գործիչ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքի հեղինակ Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթը:

Հանդիպման ընթացքին Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթ նախարարին յայտնեց, որ այցին նպատակն է դասախօսութիւններով հանդէս գալ Երեւանի համալսարաններուն մէջ: Օրեր առաջ հիւրընկալուած է Հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանին մէջ, իսկ մօտ օրերս պիտի դասախօսէ Երեւանի պետական եւ Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարաններուն մէջ:

Ամերիկաբնակ գրողը նաեւ տեղեկացուց, որ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքի շնորհանդէսը կազմակերպուած է Ռուսաստանի  շարք մը քաղաքներու մէջ:

Հրանոյշ Յակոբեան եւ Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթ քննարկեցին Սումգայիթեան ցեղասպանութեան տարելիցի եւ Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած հարցեր: Սումգայիթեան ողբերգութեան մասին ճշմարտութիւնը լայն հասարակութեան հասցնելու համար առաջարկուեցաւ կազմակերպել «Սումգայիթ. սովորական Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւններ:

Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթին փոխանցեց անոր հօր` Նորիկ Աստուածատուրովին շնորհուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալը:

Scroll Up