Մելինէ Անումեան Կը Դասախօսէ Թուրքիոյ Մէջ Իսլամացուած Հայերու Մասին

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան Նոյեմբեր 13ին, Կլենտէյլի կեդրոնական հանրային գրադարանի սրահին մէջ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու եւ հայախօս գնչուներու թեմայով: Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր Հայ իրաւանց խորհուրդի եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին կողմէ:

Բանախօսը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ Մեծ Եղեռնին յաջորդած տարիներուն հայերու բռնի ձուլման գործընթացը, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացուած հայերու եւ հայախօս գնչուներու հարցերը, առաւելապէս կեդրոնանալով համշէնահայութեան հիմնահարցերուն եւ ինքնութեան հարցին:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ 2015 եւ 2016 տարիներու,ն Համշէնի մէջ իր կողմէ կատարուած դաշտային ուսումնասիրութիւններուն՝ սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող արդիւնքներուն, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ Արտուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ բնակող համշէնահայերուն ու հայախօս գնչուներուն:

Մ. Անումեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդէս պիտի գայ երկու այլ դասախօսութիւններով, որոնցմէ մէկը՝ Համշէնի եւ համշէնահայութեան մասին, որ կ՛ունենայ  այսօր՝ 16 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կենտրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը երիտթուրքերի դատական վաւերագրերում» թեմայով, 20 Նոյեմբերին, Փասատինայի ԹՄՄ Պեշկէօթիւրեան սրահին մէջ:

Scroll Up