Համայնքապետերը գնահատանքի և քաջալերական խօսքերով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի

Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը պաշտօնական այցելութիւններ տուաւ Հալէպի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի և Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին, Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2017ին:

Զոյգ հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ Ս.Օ.Խաչի բարեսիրական, առողջապահական, ընկերային, խնամատարական, կրթական գործունէութեան շուրջ:

Համայնքապետերը գնահատանքի և քաջալերական խօսքերով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ս.Օ.Խաչին:

 

Scroll Up