Գանատահայ Հայրենադարձը Հայաստանի ՄԷջ Հիմնած Է Բժշկական Զբօսաշրջութեան Գործակալութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/Raffi-Elliott.jpg)
Գանատահայ Րաֆֆի Էլիոթ Հայաստանի մէջ հիմնած է բժշկական զբօսաշրջային GetTreated թուային startup-ը: «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով բժշկական զբօսաշրջութեան միջազգային ամսագիրին (IMTJ).կը յայտնէ, որ GetTreated-ը հիւանդներուն կ’օգնէ ծախսարդիւնաւէտ ու քիչ ժամանակատար բուժման հնարաւորութիւններ գտնել արտերկրի մէջ, արագ կերպով տեղեկատուութիւն ստանալ աշխարհի մէջ որեւէ հիւանդանոցի մասին: Ներկայացնելով բժշկական փաստաթուղթերը` օգտատէրերը կրնան անհրաժեշտութեան պարագային խորհրդակցիլ մասնագէտներու հետ եւ ծրագրել իրենց այցելութիւնը:
«Մենք հիմնած ենք հարթակ, որ կը ծրագրէ բժշկական ճամփորդութեան իւրաքանչիւր քայլը` հեռավար խորհրդատուութիւններ, բուժման ժամկէտներու ճշգրտում, տեղափոխութիւն, հիւանդանոցին կից հիւրանոցներու ամրագրում եւ այլն»,-ըսած է Րաֆֆի Էլիոթ:
GetTreated-ը 15 հայկական սթարթափներէն մէկն է, որ վերջերս Պերլինի մէջ ներկայացուած է Գերմանիոյ գործարար շրջանակներուն` «Հայաստանեան ստարտափներու ակադեմիա Պերլինի մէջ» (ASAB) ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր EU4Business-ի SMEDA (Աջակցութիւն փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման Հայաստանի մէջ) ծրագիրին կողմէ:
Րաֆֆի Էլիոթ ծնունդով Գանատայէն է: Հայրը իրլանտական արմատներով գանատացի է, մայրը` սուրիահայ: Մեծցած է Մոնրէալի մէջ, յաճախած հայկական դպրոց: 2011 թուականէն կ’ապրի Հայաստանի մէջ: