Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի Այցելելը Ներքին Մղում Էր. Սարգիս Գասարճեան

Տէր Զօրի ազատագրումը կարեւոր նշանակութիւն ունէր հայերուն համար: Քաղաքին մէջ կը գտնուէր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած, ցեղասպանութեան բազմաթիւ նահատակներու մասունքները ամփոփող Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ 2014 թուականին պայթեցուցած էին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման (ISIS) ահաբեկիչները:

Ազատագրումէն օրեր անց, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեանի խնդրանքով` լրագրող Ահմատ Համտուշին լուսանկարած էր հայկական եղեղեցին, իսկ քանի մը օր անց քաղաք այցելած էր սուրիահայ լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան ու տեսանկարահանած այն, ինչ մնացած է յուշահամալիրէն, որ ուխտատեղի էր իւրաքանչիւր հայու համար:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Սարգիս Գասարճեան ըսաւ, որ անցնող տարիներուն ընթացքին իբրեւ թղթակից` յաճախ եկած եմ Տէր Զօր: Իսկ նոյեմբեր 8-ին, ազատագրումէն ետք, առաջին անգամ կ’այցելեմ քաղաքը. «ճիշդ է, Տէր Զօրը ազատագրուած է, սակայն կը շարունակէ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ ականապատուած է: Անգամ յուշահամալիր երթալը հեշտ չէր, ինչպէս որ հեշտ չէր տեսնել եկեղեցին, եկեղեցւոյ աւերակները:

Սրբոց Նահատակաց  եկեղեցույ գետնայարկը ՏԱՀԵՇ-ի հիմնական կեդրոնը եղած է, ապաստարանը, որովհետեւ մտածած են, որ սուրիական բանակը դժուար եկեղեցին որպէս թիրախ օգտագործէ:

Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրէն գրեթէ ոչինչ մնացած է: Վնասը շատ մեծ է: Ամէնուր փլատակներու կոյտ էր եւ հնարաւոր չէր որեւէ բան փնտռել: Միայն կրցայ գտնել քարերու կտորներ, որոնց վրայ հայերէն արձանագրութիւններ կային: Բոլորս գիտենք, որ եկեղեցւոյ կից  գտնուող յուշահամալիրին մէջ ամփոփուած էին բազմաթիւ մասունքներ, այնտեղ կը պահուէին Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստող բազմաթիւ վաւերագիրներ, որոնց ճակատագիրը այսօր յայտնի չէ: Մեծ ջանքեր ու ֆինանսական միջոցներ կը պահանջուի յուշահամալիրը նորոգելու համար»:

«Հայերն այսօր»-ի հարցին` յուշահամալիր այցելելը մասնագիտութեան թելադրանք էր, թէ պատճառը այլ դրդիչ ուժ էր` սուրիահայ լրագրողը պատասխանեց.

«Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի այցելելը ներքին մղում էր, եւ որպէս հայ` յատուկ նշանակութիւն ունէր ինծի համար: Երբ 14 տարեկան էի, հայրս Տէր Զօրի մէջ կ’աշխատէր: Եկեղեցին ինծի համար ամէնօրեայ զբօսավայր էր, կ’երթայի տեսակցելու պատանիներու հետ: Դպրոց չկար, եւ Հալէպէն  ուսուցիչ մը  գացած էր` երեխաներուն դասաւանդելու: Մինչեւ պատերազմ մօտ 17 հայ ընտանիք կ’ապրէր Տէր Զօրի մէջ: Թէեւ փոքր էի, բայց քաղաքի հայ երեխաներուն Հայոց պատմութեան փոքրիկ դրուագներ կը պատմէի, որովհետեւ թէեւ անոնք հայախօս էին, բայց հայերէն գրել-կարդալ չէին գիտեր: Այդ յիշողութիւնները դեռ թարմ են  մտքիս մէջ: Եւ ամենակարեւորը` իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ին Տէր Զօր այցելութիւնը իւրատեսակ ուխտագնացութիւն էր իւրաքանչիւր հայու համար»:

Խօսելով հայկական համայնքին վրայ պատերազմի ձգած ազդեցութեան մասին` Սարգիս Գասարճեան նշեց, որ ո՛չ միայն մարդկային կորուստներ ունեցանք, այլեւ նիւթական: Ահաբեկիչները կործանեցին բազմաթիւ հայկական յուշարձաններ, եկեղեցիներ ո՛չ միայն Տէր Զօրի մէջ, այլեւ Հալէպի, Ռաքքայի մէջ, նուազ կորուստներ կրեց միայն Դամասկոսի համայնքը:

«Այսօր վտանգը, ռմբակոծութիւնները նուազած են, յուսանք, որ պատերազմի վերջին հանգրուանն է, եւ մենք խաղաղութեան ճանապարհին ենք:

Սուրիահայ համայնքի դատարկուիլը մեծ կորուստ էր: Երբեմնի ծաղկուն համայնքը, որ կարեւոր դերակատարութիւն եւ մասնակցութիւն  ունեցած է համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ, միշտ եղած հայրենիքի կողքին, այսօր ծնկաչոք է: Պէտք է ձեւեր գտնել այն ոտքի կանգնեցնելու համար, որովհետեւ համայնքի գոյութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի ողջ հայութեան համար»,-իր խօսքը եզրափակեց Սարգիս Գասարճեան:

Լ.Ա.

 

Scroll Up