Հայաստանը Կրնայ Քուէարկել «Մանկական Եւրոտեսիլ-2017»-ի Մասնակից Միշայի Օգտին

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2017» երգի միջազգային մրցոյթի քուէարկութեան կարգին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ իրականացուած են:

Ըստ նոր կարգի` այս տարի մասնակից երկիրը առցանց քուէարկութեան միջոցով պիտի կարենայ քուէարկել նաեւ իր պատուիրակի օգտին: Քուէարկութիւնը կը մեկնարկէ նոյեմբեր 24-էն www.junioreurovision.tv կայքին մէջ, ուր հնարաւոր կ’ըլլայ դիտել բոլոր 16 մասնակիցներու ելոյթներու նախնական տարբերակները: Հեռուստադիտողը ելոյթը դիտելէ ետք  կը կարենայ միաժամանակ քուէարկել 3, 4 կամ 5 մասնակիցի օգտին: Այս մասին տեղեկացուցին Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Քուէարկութիւնը կ’աւարտէ նոյեմբեր 26-ին` մրցոյթին օրը` անմիջապէս շոուէն առաջ, եւ կը վերաբացուի մրցոյթին ընթացքին բոլոր 16 ելոյթներէն վերջ : Տուեալ քուէարկութիւնը կը տեւէ 15 վայրկեան: Հեռուստադիտողի քուէն կը վերածուի միաւորներու, որ կը դառնայ մրցոյթի արդիւնքին մէկ մասը, միւս մասը կը ձեւաւորուի ժիւրիի գնահատականի հիման վրայ: Յաղթող կը ճանչցուի ամենաշատ միաւոր հաւաքած մասնակիցը:

 «Մանկական Եւրոտեսիլ-2017»-ը պիտի իրականացուի 15-րդ անգամ` “Shine Bright” («Շողայ պայծառ») նշանաբանի ներքոյ: Բացի Հայաստանէն պիտի մասնակցին եւս 15 երկիրներներու ներկայացուցիչներ` Ալպանիա, Աւստրալիա, Պելառուս, Կիպրոս, Իռլանտա, Իտալիա, Մակեդոնիա, Մալթա, Հոլանտա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Լեհաստան, Սերպիա, Փորթուկալ եւ մրցոյթը հիւրընկալող երկիրը` Վրաստան:

Հանրային հեռուստաընկերութիւնը մրցոյթի պաշտօնական հեռարձակողն է:

 

Scroll Up