ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցները Մասնակցած Են Համաքաղաքային Շաբաթօրեակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/2-12-300x225.jpg)
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, նոյեմբեր 11–ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները մասնակցած են Երեւանի մէջ իրականացուող համաքաղաքային շաբաթօրեակին:
Անոնք մաքրած ու բարեկարգած են նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ գտնուող «Հայ բարերարներու ճեմուղին»:
Աւելցնենք, որ համաքաղաքային շաբաթօրեակին ներգրաւած եղած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերու, քաղաքապետարանի ենթակայութեան կառոյցներու, պետական, մասնաւոր կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, կրթօճախներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: