Երեւան-«Զուարթնոց» Օդակայան Երթուղին Փոխուած Է

«Զուարթնոց» օդակայան-Երեւան N201 հանրակառք երթուղին նոյեմբեր 11-էն կը շահագործուի հաստատուած չուացուցակի պահանջներուն համապատասխան` առաւօտեան ժամը 07.00-էն մինչեւ 22.00` 30 վայրկեան միջակայքով, 22.30-էն մինչեւ 07.00` 1 ժամեայ պարբերականութեամբ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն, «Զուարթնոց» օդակայանէն շարժելով` հանրակառքը կանգառներ  կը կատարէ Փարաքար, Արգաւանդ գիւղերուն մօտ, Կեդրոնական կայարանին, Մաշտոցի պողոտայի (նախկին «Փակ շուկայ»), Ստ. Շահումեանի անուան դպրոցի, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի կանգառներուն, մեթրոյի «Երիտասարդական» կայարանին մօտ:

Վերջնակէտէն` մեթրոյի «Երիտասարդական» կայարանի մօտէն, դէպի օդակայան ուղեւորուելուն, հանրակառքը կանգառներ կը կատարէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ (Աբովեան փողոց), «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ (Ազգային պատկերասրահի հարեւանութեամբ), Ամիրեան փողոցի, Մաշտոցի պողոտայի (նախկին Փակ շուկայ), Կեդրոնական հանրակառքերու կայարանի (Իսակովի պողոտայ), Արգաւանդ եւ Փարաքար գիւղերու կանգառներուն մէջ, «Զուարթնոց» օդակայան:

Բացի այդ, այս երթուղիի հանրակառքերուն մէջ մօտ օրերս պիտի տեղադրուին համապատասխան գործիքներ, որոնց միջոցով մեր քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն կ’ունենան ուղեվարձը վճարելու իրենց դրամատնային քարտերով:

«Զուարթնոց» օդակայան-Երեւան N201 հանարակառքի երթուղին կը սպասարկէ «Էլիտ պաս» ընկերութիւնը: Ուղեվարձը 300 դրամ:

 

 

 

Scroll Up