Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 38-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՍՕ Խաչի 38-րդ Շրջ. Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 26-27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս: Ժողովին կը մասնակցէին ՍՕ Խաչի 6 մասնաճիւղերէն 24 պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներ, ընդհանուր 69 ներկաներ:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին` ՍՕ Խաչի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ:
Բացման ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ տիար Գրիգոր Տունկեան, Արժանապատիւ Տ. Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրակեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աննա Տէր Յակոբեան, միութեան երիցագոյն անդամ Ալիս Գաթրճեան, քոյր միութիւններու` Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներ եւ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիրը:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան, որ ողջունեց ճգնաժամային ծանր օրերուն, կեանքի արագափոխ պայմաններուն ՍՕ Խաչի կողքին գտնուող Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը, Պատկան Մարմնի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վրչ. ներկայացուցիչները, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Շրջ. Յանձնախումբերը եւ ՍՕ Խաչի ենթակայ բոլոր կազմերուն ներկայացուցիչները: Ան գնահատեց անոնց արձանագրած յաջողութիւնները եւ անվերապահ նուիրումը, ապա դիտել տուաւ, որ նոր Շրջ. Վարչութեան ընտրութեամբ ՍՕ Խաչը կը մտնէ նոր շրջան եւ հսկայ աշխատանք ունի տանելիք` խաչուհիներու եւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի կուտակած ներուժին օգտագործումով նոր ու լուսաւոր սկիզբ դնելու սուրիահայութեան կեանքին:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց Աննա Տէր Յակոբեան, որ համառօտ կերպով ներկայացուց ՀՕՄ-ի վերջին շրջանի գործունէութիւնը, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս Ստեփանակերտի Սօսէ Մանկապարտէզի բացման հանդիսութիւնը: Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի Ջաւախքի մէջ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին աջակցութեան, այս շրջագիծին մէջ կազմակերպուած Հայոց Պատմութեան եւ շարադրութեան մրցումներուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի որբերու ուսման, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան առողջապահական ծննդատան եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն: Ան թելադրեց միշտ գործել «Ժողովուրդիս Հետ Ժողովուրդիս Համար» նշանաբանով:
Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Տիար Գրիգոր Տունկեան իր ողջոյնի խօսքով հաստատեց, թէ Պատկան Մարմինը միշտ սատար կանգնած է ՍՕ Խաչին: Ան գնահատեց միութեան բազմածաւալ գործունէութիւնը, թելադրեց ընդլայնել ՍՕ Խաչի ծառայութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին` շեշտելով, որ խաչուհիներուն կուտակած փորձը մղում կու տայ մեր համայնքին:
Իր օրհնութեան խօսքը -ԶԳՈՐԾՍ ՁԵՌԱՑ ՄԵՐՈՑ- աղօթքով սկսաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան: Ապա ան ողջունեց երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իսկ տարածաշրջանէս ներս` ՍՕ Խաչը, որոնց աշխատանքին մէջ ակներեւ համարեց ապրումը, բարոյական բարձր կեցուածքը, հեզասահ գործելակերպը եւ քաղաքական դժուարին պայմաններու մէջ հաւասարակշռուածութիւնը: Սուրիոյ տագնապալի օրերուն արեւածագի համազօր համարեց ՍՕ Խաչի ներկայութիւնը, որուն հիմքը անդամներու ծառայութեան ոգին է: Սրբազան հայրը թելադրեց նշանաբան ունենալ վերանորոգում, վերաշինութիւն, վերականգնում եւ տոկալու ներուժի կուտակում հասկացողութիւնները:
Այնուհետեւ ժողովը անցաւ գործնական աշխատանքի. կատարուեցաւ առժամեայ դիւանի ընտրութիւն, ապա իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբի, որոնք ստուգեցին պատգամաւորներու լիազօրագիրները: Յանձնախումբը իր զեկոյցով հաստատեց ժողովին օրինականութիւնը:
Օրակարգի ընթացքով մնայուն դիւանի անդամ ընտրուեցան ատենապետներ` Սեդա Կէրկէրեան եւ Մարալ Սեմէրճեան, ատենադպիրներ` Հուրի Տիլպէրեան եւ Նորա Տէր Պետրոսեան:
Դիւանական այս աշխատանքը աւարտելէ ետք, ընթերցուեցաւ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի շնորհաւորական նամակները:
Պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք, երկու օրերու ընթացքին ժողովին մասնակիցները քննարկեցին ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, մասնաճիւղերու եւ Շրջ. յանձնախումբերու դժուարութիւնները եւ նկատեցին, որ հակառակ երկրէն ներս տիրող տնտեսական տագնապին, ՍՕ Խաչը յաջողած է լայն գործունէութիւն ծաւալել:
Ժողովի Բ. նիստը սկսաւ Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերի առաւօտուն: Մարալ Տիքպիքեան ներկայացուց ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան երկամեայ տեղեկագիրը, որուն կցուած էին մասնաճիւղերու եւ Շրջ. յանձնախումբերու գործունէութիւնը ընդգրկող վիճակագրական տուեալներ, իսկ Զեփիւռ Գէորգեան` նիւթական եւ պետական վարչութեան տեղեկագիրները:
Հաշուեքննիչ Մարմնին զեկոյցը ներկայացուց Ֆիմի Տէր Յակոբեան, որ անդրադարձաւ Շրջ. Վարչութեան եւ Շրջ. յանձնախումբերու նիւթական գործունէութեան, դիտել տալով որ երկու տարուան ընթացքին մեծագումար գործառնութիւններ իրականացած են շարունակելու համար ՍՕ Խաչի կրթական, բարեսիրական, խնամատարական, ազգապահպանման եւ մարդասիրական աշխատանքները:
Քննարկումի եւ արժեւորումի օրակարգով ժողովը լսեց, քննարկեց եւ արժեւորեց Շրջ. Վարչութեան երկամեայ ծաւալուն աշխատանքը, որուն ետին կանգնած էին շուրջ 1300 խաչուհիներ` պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, ապա հաստատեց, որ Շրջ. Վարչութիւնը կրցած է յաւելեալ կազմակերպուածութիւն յառաջ բերել, թափ տուած է կրթական, քարոզչական, ընկերային, կազմակերպչական, առողջապահական աշխատանքներուն` նպատակակէտ ունենալով նաեւ Քեսապի Կազդուրման կայանի եւ Ձեռարուեստի վաճառատան վերանորոգութիւնը, ինչպէս նաեւ Ընկերաբժշկական կեդրոնի վերաշինութիւնը:
Հարցերը քննարկուելէ եւ վաւերացուելէ վերջ, ներկայացուեցաւ Շրջ. Վարչութեան յառաջիկայ գործունէութեան նախահաշիւը:
Ժողովականները քննարկեցին նաեւ ՍՕ Խաչի վերամշակուած կանոնագիրը: Հանգամանալից քննութենէ ետք հաստատուեցաւ բարեփոխուած կանոնագիրը` առ ի վաւերացում ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան կողմէ:
Առաջարկներու գլխուն տակ շեշտուեցան յատկապէս հեռաւոր մասնաճիւղերու փոխյարաբերութիւններու վերականգնումի կարելիութիւնները, սեմինարներու կազմակերպումը, կրթական յատկացումները, մարդուժի պատրաստութիւնը, երիտասարդ անդամներու եւ համալսարանականներու ներգրաւումը ՍՕ Խաչի շարքերէն ներս:
Արխիւային, Հաշուեքննիչ եւ նախահաշիւի յանձնախումբերու զեկոյցներէն վերջ, ներկայացուեցան յառաջիկայ գործունէութեան առաջարկները եւ բանաձեւերը, որոնք ընդհանրապէս կը միտէին մշակել համայնքի կարիքներուն նպաստող ծրագիրներ, կազմակերպել նորագիրներու դասընթացքներ, ծանօթացնել ՀՕՄ-ի ընդհանուր ուղեգիծը, անոր Համահայկական առաքելութիւնը, գործունէութիւնը եւ մասնակցութիւնը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ժողովներուն:
Ժողովի աւարտին յառաջիկայ երկու տարիներուն համար Շրջանային Վարչութեան եւ Հաշուեքննիչ Մարմնի անդամներ ընտրուեցան հետեւալները.-
Շրջ. Վարչութիւն.- Հռիփ Կանանեան, Մարալ Տիքպիքեան, Թալին Մինասեան, Սեդա Կէրկէրեան, Պայծիկ Չէրչեան, Լիզա Լալէեան, Սիրուն Թաշճեան, Սոնա Անտրեան (Դամասկոս), Լուսին Յովհաննէսեան (Գամիշլի), Հուրի Գարամարտեան (Լաթաքիա), Յասմիկ Թութիկեան (Քեսապ)
Հաշուեքննիչ մարմին.- Անի Մուրատեան, Սիւզի Խշուաճեան, Սօսի Պարոնեան, Սեդա Աճէմեան, Սիլվա Նազարեան
Դիւանը շնորհաւորեց նորընտիր կազմերը, յաջողութիւն մաղթեց անոնց եւ ժողովականներուն թելադրեց հայանպաստ ձեռնարկներ կազմակերպել` նոր շունչ, նոր ոգի ու կեանք պարգեւելու մեր ժողովուրդին, իսկ խաչուհիներու կեանքը օժտելու վերակազմակերպումի ուժականութեամբ:
Դիւան
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւն