Ռուբէն Մամուլեանի 120-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ «Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս
Երեւանի Տարաս Շեւչենկոյի անուան թիւ 42 աւագ դպրոցը կը շարունակէ աշխուժօրէն մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրին:«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, նոյեմբեր 10-ին դպրոցին մէջ կայացած է բաց-դաս ձեռնարկ` նուիրուած «Մեր մեծերը-2017» ծրագիրին մէջ տեղ գտած ամերիկահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանին:
10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները յատուկ բեմականացմամբ ներկայացուցին նշանաւոր հայու կեանքն ու գործունէութիւնը, անդրադարձան ամերիկեան թատրոնի եւ սինեմայի ձեւաւորման, զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած վիթխարի աւանդին: Տեսապատկերներու միջոցով ցուցադրուեցան Ռուբէն Մամուլեանի նկարահանած շարժանկարներէն եւ Հայաստան կատարած առաջին այցելութենէն հատուածներ: Ձեռնարկը կազմակերպած էին պատմութեան եւ հասարակագիտութեան ուսուցիչ Սամուէլ Ղուլեան եւ դպրոցի կազմակերպիչ Էլէն Էլբակեան:
Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի տնօրէն Էլէոնորա Թումանեան, ողջունելով ներկաները, իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Մեր մեծերը» ծրագիրը` նշելով, որ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն հայապահպանութեան եւ երիտասարդներու հոգիին մէջ հայրենասիրական ոգիի արթնացման:
Աւելցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս 2009 թուականէն կ’իրականացնէ «Մեր մեծերը» ծրագիրը, որուն գլխաւոր նպատակը մեր հռչակաւոր մեծերու հայրենանուէր գործունէութիւնը սերունդներուն ներկայացնելն է` նպաստելով ազգային արմատներու ճանաչման, հայրենասիրութեան ու ինքնութեան ամրապնդման: