ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Նոյեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն  կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին շաբթուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու  վերաբերեալ, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:

Նախարարը կարեւոր համարեց  Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հայեցակարգի, արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման եւ հայրենադարձութեան կազմակերպման ռազմավարութիւններու մշակումը եւ ամփոփումը, տարեկան հաշուետուութիւններու կազմումը:

Տրուեցան յանձնարարականներ, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները:

 

 

Scroll Up